Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Պահանջած Է Հետախուզման Մէջ Գտնուող Մայրապետեանէն Բռնագանձել 5,6 Միլիառ Դրամ

Դատախազութիւնը Պահանջած Է Հետախուզման Մէջ Գտնուող Մայրապետեանէն Բռնագանձել 5,6 Միլիառ Դրամ

by MassisPost

ՀՀ Դատախազութիւնը դատարանէն պահանջած է գործարար Սամուէլ Մայրապետեանէն եւ «Գլոբուս» ընկերութեան տնօրէն Գ․ Յակոբջանեանէն, համապարտութեան կարգով, յօգուտ պետական պիւտճէին բռնագանձել 5 միլիառ 678 միլիոն 764 հազար 260 դրամ:

Դիմումը դատարանը ընդունած է վարոյթ:

Դատախազութիւնը կը նշէ, որ քննութեամբ հիմնաւորուած է` 2002-ի Մայիս 16-էն Յակոբջանեանը Մայրապետեանի առաջարկով ստանձնած է փաստացի վերջինիս պատկանող «Գլոբուս» ընկերութեան տնօրէնի պաշտօնը: 2004-ին «Գլոբուս»-ը պայմանագիր կնքած է այլ ընկերութեան հետ, որու հիմքով վերջինիս իրականացուցած շինարարական աշխատանքներուն հետեւանքով Երեւան քաղաքի Տէրեան 66 հասցէով 2006-ին կառուցուած է ընդհանուր 28650,63 քմ մակերեսով բնակելի շէնք: Ապա Յակոբջանեանի միջոցով կազմակերպած է «Գլոբուս»-ին պատկանող` նշուած բնակելի շէնքի 141 միաւոր անշարժ գոյքերը ընկերութեան կողմէ առուվաճառքի պայմանագրերու մէջ կեղծ` շուկայական արժէքներէն էականօրէն ցած գիներ նշելու գործընթացը, որուն հետեւանքով Յակոբջանեանը «Գլոբուս» ընկերութեան փաստացի եկամուտը չէ ներառած հարկային մարմինին ներկայացուած հաշուարկներուն մէջ` այդ կերպ պետական պիւտճէ չէ վճարուած առանձնապէս մեծ չափերով` ընդհանուր 5 միլիառ 678 միլիոն 764 հազար 260 դրամի հարկ:

Սամուէլ Մայրապետեանը գործունէութիւն կը ծաւալէ շինարարութեան ոլորտին մէջ, «Թոյոթա Երեւան» ընկերութեան նախագահն է, անոր կը պատկանի «Հ2» հեռուստաընկերութիւնը: Հանրութեան լայն շրջանակներուն ան յայտնի դարձաւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի օրօք` մայրաքաղաքին յայտնի Հիւսիսային պողոտայի կառուցման ժամանակ, երբ տարածքներ ձեռք բերաւ այդտեղ: Մայրապետեանը կը մեղադրուի օտարումներու ընթացքին թոյլ տուած ապօրինութիւններու, ինչպէս նաեւ փտածութեան օժանդակելու համար, բայց դեռ չէ կանգնած դատարանի առաջ: Մեղադրանքը լսելէ յետոյ ան հեռացած է Հայաստանէն, եւ մինչ այժմ կը գտնուի հետախուզման մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment