Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Առաջին Արբանեակը՝ Ուշացումով

Հայաստանի Առաջին Արբանեակը՝ Ուշացումով

by MassisPost

Կառավարութեան նիստի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անակնկալ մատուցեց հանրութեան՝ յայտարարելով որ, Հայաստան տիեզերք արձակած է իր առաջին արբանեակը, որ մոլորակի ուղեծիր հասած է Ամերիկեան «SpaceX» ընկերութեան տիեզերանաւով, որ սեփականութիւնն է «Tesla»  ելեքտրական ինքնաշարժներու ընկերութեան հիմնադիր Իլոն Մասքի:

Վերջին տարիներուն բազմաթիւ երկիրներ, ընկերութիւններ ու կազմակերպութիւններ, անոնց շարքին նաեւ Ամերիկեան պետութեան պատկանող «NASA»-ն սկսած են օգտագործել «SpaceX» տիեզերանաւը իրենց բեռները տիեզերք ուղարկելու համար:

Կառավարութեան այս կարեւոր նախաձեռնութեան առթիւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան բարձր գնահատելով գրանցուած այս կարեւոր քայլը յայտարարեց, որ արբանեակի կառավարման կեդրոնի ստեղծումը «կը նպաստէ անվտանգութեան  ապահովման աշխատանքներու արդիւնաւէտ իրականացման»: Այդ կեդրոնի ստեծման աշխատանքները նախատեսուած է աւարտել մինչեւ յաջորդ տարի:

Թէեւ Վարչապետը իր ելոյթին մէջ փակագիծեր չբացաւ ու բաւարարուեցան ըսելով, որ արբանեակի ծրագիրի նախապատրաստական աշխատանքները եղած են գաղտնի պայմաններու տակ, սակայն կարգ մը մասնագէտներու կարծիքով արբանեակը պիտի կարողանայ հեռազննում իրականացնելով, հաղորդել թէ ի՞նչ ուժեր կան սահմանին եւ ի՞նչ փոփոխութիւններ կը կատարուին:

Ատրպէյճանի առաջին արբանեակը տիեզերք հասած է 2014-ին, որմէ ետք երկու արբանեակ եւս ուղարկուած է ուղեծիր: Ֆրանսական յայտնի «L’Obs» պարբերականը Արցախեան վերջին պատերազմի օրերուն կը գրէր որ, թէեւ Ատրպէյճանի արբանեակը քաղաքացիական նպատակներու համար նախատեսուած էր եւ պէտք է հետեւեր նաւթի եւ կազի հանքավայրերուն, սակայն կ՛օգտագործուէր Հայերու դէմ ռազմական գործողութիւնները ղեկավարելու համար: իսկ պատերազմէն մի քանի շաբաթ ետք, նախագահ Իլհամ Ալիեւ կատարեց հետեւեալ ուշագրաւ յայտարարութիւնը. «Երբ մենք արբանեակները հանեցինք ուղեծիր, ոմանք կը հարցնէին, թե ինչ նպատակով է այդ ամէնը: Սակայն կեանքը ցոյց տուաւ, որ այն մեզ շատ անհրաժեշտ էր: Արբանեակներու օգտագործումը ինչպէս պատերազմի ժամանակ, այնպէս ալ անկէ յետոյ մեզ հսկայական առաւելութիւն կու տայ… Պատերազմի ընթացքին հակառակորդի տեղաշարժին առցանց հետեւիլը եւ կանխումը, իհարկէ, մեզ լրացուցիչ առաւելութիւն  տուած էր»:

Այս բնագաւառէն ներս մասնագէտ չըլլալով հանդերձ, գաղտնիք չէ որ, պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին անօդաչու թռչող սարքերու կառավարումը եւ թիրախներու ճշգրտումը կը կատարուի արբանեակներու միջոցաւ:

Թէ ինչո”ւ Ատրպէյճանէն միայն 8 տարի ետք Հայաստանի իր առաջին արբանեակը ուղարկեց տիեզերք, այս հարցը պէտք է առաջին հերթին ուղղել այս օրերուն Երեւանի փողոցներուն վրայ հայրենասիրութենէ ճառողներուն: Պատասխանը շատ պարզ է, անոնք զբաղած էին երկիրը թալանելով, դղեակներ կառուցելով ու հայրենասիրական երգեր յօրինելով:

Այս բոլորէն ետք, անոնք անամօթաբար կասկածի տակ կ՛առնեն կառավարութեան այս իրագործումը՝ թերագնահատելով արբանեակի կարողականութիւնը եւ նպատակայարմարութիւնը: Իսկ ամենէն ծիծաղելին՝ պատգամաւորներէն մին կը գրէ որ, արբանեակը «կարող է օգտագործուիլ ընդդիմադիրներուն հետեւելու համար»:

Հայաստանի առաջին արբանեակի ծրագիրի իրագործման առթիւ պէտք է ողջունել կառավարութեան այս նախաձեռնութիւնը, որուն եթէ ժամանակին ընթացք տրուած ըլլար, 44-օրեայ պատերազմը կրնար տարբեր ելք  ունենալ՝ առնուազն փրկելով բազմաթիւ Հայ զինուորներու կեանքը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment