Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի դեսպաններուն հետ:
Լին Թրէյսին եւ Վահագն Խաչատուրեանը խօսած են երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցերու շուրջ:
Դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ նախագահը քննարկած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հարուստ օրակարգը:
Յիշեցնենք, որ Վահագն Խաչատուրեանը Հայաստանի նախագահի պաշտօնը ստանձնած է շուրջ մէկ շաբաթ առաջ: