2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած Քննիչ Յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան կը վստահեցնէ` նիստերուն հրաւիրուող ոեւէ անձ չի կրնար չներկայանալ: Քոչարեան այս մասին ըսաւ Քննիչ Յանձնաժողովին կողմէ կազմակերպուած աշխատանքային քննարկման բաց հատուածին մէջ:
Քոչարեան յայտնեց, որ կը մասնակցին անհետ կորսուած համարուողներու, զոհուած զինուորներու ծնողներուն կողմէ պատուիրակուած անդամներ, անկախ խորհրդատուներու կարգավիճակով կը մասնակցին Արտակ Գասպարեանը, Գարիկ Մխիթարեանը: Ներկայ էր նաեւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօրավար Սամուէլ Պապայեանը` որպէս անկախ խորհրդատու: Փակ նիստերը կը տեսանկարահանուին, որոնք արխիւի պիտի վերածուին, Քոչարեանը վստահեցուց, որ որեւէ դրուագ պիտի չկորսուի: Ըստ անոր` Յանձնաժողովի աշխատանքներուն անձեր կը հրաւիրեն ըստ անհրաժեշտութեան:
Քոչարեանի խօսքով` եթէ կայ անհրաժեշտութիւն, որ ոեւէ մէկը գայ յանձնաժողով, ապա պէտք է գայ: «Ոեւէ մէկը չի կարող հրաժարուել այստեղ գալուց: Շատերը փորձում են քաղաքականացնել այս թեման, ասել, թէ չեն ուզում գալ, յանձնաժողովը օրինական չէ: Ոչ, օրինական է ի սկզբանէ, քանի որ սա սահմանադրական պահանջ է: Աւելին` շատ աւելի օրինական է, որովհետեւ առաջին անգամ մեր յանձնաժողովի աշխատանքներին մասնակցելու են զոհուածների հարազատների պատուիրակած անդամներ», ըսաւ Քոչարեան:
Որոշ պարբերականութեամբ յանձնաժողովին նախագահը անդամներուն թոյլտուութեամբ լրագրողներուն պիտի ներկայացնէ որոշ տեղեկութիւններ: Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ Պետական գաղտնիքի մասին օրէնքը պիտի աշխատի ամբողջ ծաւալով:
«Դժուար է ասել, թէ եզրակացութեանը երբ կը հասնենք, բայց այդ եզրակացութիւնը պէտք է լինի հնարաւորինս անթերի: Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովի աշխատանքի արդիւնքում ունեցանք եզրակացութիւն, բայց հիմնական դժգոհութիւնը, որ եղաւ այն էր, որ եզրակացութիւնը հասարակութեանը անհասանելի եղաւ, բայց պետական կառոյցներին դա եղաւ հասանելի: Եւ կարծում եմ, որ որոշ ժամանակ յետոյ հասանելի կը լինի նաեւ հասարակութեանը», ըսաւ Քոչարեան:
Անդրադառնալով ՀՀ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի նախկին պետ, Պաշտպանութեան Նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան նախկին պետ, զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեանի յայտարարութեան, թէ ինք չի պատրաստուիր երթալու Յանձնաժողովի նիստերուն` Քոչարեան կարծիք յայտնեց, որ Յակոբեանը ժամանակ կ’ունենայ իր յայտարարութիւնը ետ վերցնելու: «Այդ աշխատանքների բարոյական կարեւորութիւնը շատ մեծ է: Պարոն Յակոբեանը, համոզուած եմ, անպայման կը գայ յանձնաժողով: Հակառակ դէպքում նա պէտք է հանրայնօրէն պատասխանի այն հարցերին, որը պէտք է իրեն տրուէր», ըսաւ Քոչարեան` Յակոբեանին եւ առհասարակ բոլոր պաշտօնեաներին յորդորելով նման յայտարարութիւն չընել:
Ապա աշխատանքային քննարկումը շարունակուած է փակ ձեւաչափով: