Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գլխաւոր Դատախազութիւնը Կ’ուսումնասիրէ Նախկին Նախագահ Արմէն Սարգսեանին Վերաբերող «Հետք»-ի Նոր Հրապարակումը

Գլխաւոր Դատախազութիւնը Կ’ուսումնասիրէ Նախկին Նախագահ Արմէն Սարգսեանին Վերաբերող «Հետք»-ի Նոր Հրապարակումը

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութիւնը սկսած է ուսումնասիրել, թէ արդեօք Հետաքննող լրագրողներու երէկ հրապարակած նոր տեղեկատուութիւնը արդէն նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեանի վերաբերեալ կը համապատասխանէ՞ իրականութեան: Ընդ որում, իրաւապահներու ուսումնասիրութեան տիրոյթին մէջ է նաեւ նախկին նախագահիներկքաղաքացիութեան հարցը:

Միջազգային գործընկերներուն հետ իրականացուցած հետաքննութեան ընթացքին «Հետք»ը պարզած է, որ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ դեսպան աշխատելու տարիներուն Արմէն Սարգսեանի եւ անոր քրոջ` Կարինէ Սարգսեանի անուամբ զուիցերիական Credit Suisse դրամատան մէջ եղած է 10 միլիոնէ աւելի զուիցերիական ֆրանք, որ, սակայն, դեսպան Սարգսեանը չէ յայտարարագրած:

«Հրապարակումը լոյս տեսնելուց յետոյ անմիջապէս մեր տեսադաշտում յայտնուել է եւ աշխատանքային առաջին իսկ օրուայ սկզբում մուտքագրուել է դատախազութիւնում եւ դրանով նախաձեռնուել է ուսումնասիրութիւն` նկատի ունենալով, որ հրապարակումը պարունակում էր ճշգրտութիւն պարունակող տուեալներ այն մասին, որ նախկին նախագահը դրամատնային հաշիւներում ունեցել է գումարներ, որոնք չի յայտարարագրել: Ինչպէս գիտէք, չյայտարարագրելը կամ յայտարարագրմամբ սխալ տեղեկութիւններ, տուեալներ ներառելը քրէական օրէնքով արգուելուած գործողութիւն է, հետեւաբար այդ իմաստով պարտադիր ուսումնասիրութեան ենթակայ է», ըսած է Գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը:

Ըստ հետաքննող լրագրողներու, Սարգսեաններուն հաշիւը գործած է 2006 թուականէն` դրամատան կողմէ սպասարկուելով մինչեւ 2016 թուական: Սարգսեան Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը եղած է 2013-2018 թուականներուն: Անցեալ ամիս նախագահի պաշտօնէն անսպասելի հրաժարական տուած Սարգսեանը 10 միլիոն ֆրանքը չյայտարարագրելը հետաքննող լրագրողներուն բացատրած էր այսպէս. «Այն ժամանակ յայտարարագրերն ելեկտրոնային չէին եւ չէին պարտաւորեցնում յայտարարագրել ճշգրիտ դրամատնային հաշիւներ, միայն իմ կանխիկ գումարները, որոնք ես ամէն տարի յայտարարագրում էի», նշած էր ան` յաւելելով, որ այդ պատճառով ալ յայտարարագրած է միայն 8 միլիոն եւրօ:

Պաշտօնեաներու յայտարարագրման արձանագրութիւնը վարող Փտածութեան Կանխարգիլման Յանձնաժողովի նախագահ Հայկուհի Յարութիւնեան ըսաւ, որ պաշտօնաթող նախագահ Սարգսեան իսկապէս յայտարարագրած է 8 միլիոն եւրօ, բայց ոչ 10 միլիոն ֆրանք. «Տասը միլիոն ֆրանք յայտարարագրուած չէ, զուիցերիական ֆրանք արտարժոյթով որեւէ դրամական միջոց յայտարարագրուած չի»:

Ինչ կը վերաբերի Սարգսեանի բացատրութեան, թէ այն ժամանակ ոչ-կանխիկ միջոցները չէին յայտարագրուէր, Յարութիւնեան կը հակադարձէ` առհասարակ, դրամական միջոցը, ինչ տեսքով ալ այն պահուէր, յայտարարագրման ենթակայ է. «Բոլոր տեսակի դրամական միջոցներն էր պարտաւոր յայտարարագրել: Ուղղակի առանձնացնելու պարտաւորութիւն չի ունեցել, օրինակ, այդ տասը միլիոնը կանխիկ է-անկանխիկ է, ութ միլիոն կանխիկ է-անկանխիկ է, որտեղ է պահւում` դրամատնային հաշուի՞ն է, թէ՞ իրա մօտ»:

Փտածութեան Կանխարգիլման Յանձնաժողովին մէջ կ’ուսումնասիրեն 68-ամեայ Սարգսեանին առնչուող մէկ այլ լրագրողական հետաքննութիւն: Այս մէկն ալ այն մասին էր, որ Սարգսեանը 9 տարի, այդ շարքին` նախագահ եղած ժամանակ, ֆրանսական «VH Estate» ընկերութեան մէջ տնօրէնի պաշտօն զբաղեցուցած է եւ յայտարարագրում չէ նշած այդ մասին: Սահմանադրութիւնը կ’արգիլէ նախագահին զբաղիլ նման գործունէութեամբ:

Երկքաղաքացիութեան հարցը

Եթէ Փտածութեան Կանխարգիլման Յանձնաժողովը խախտումներ յայտնաբերէ, զանոնք պիտի ուղարկէ Գլխաւոր Դատախազութիւն, որն ալ, իր հերթին, որոշում պիտի կայացնէ` նոր քրէական գործ յարուցել, թէ այդ փաստերը ուղարկել ԱԱԾ, որ արդէն Արմէն Սարգսեանի երկքաղաքացիութեան առնչուող գործը կը քննէ:

Եթէ 9 ամիս առաջ գործը յարուցուած էր Սարգսեանի` Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքացի ըլլալ-չըլլալու առիթով, ապա անոր վերջերս միացաւ եւս մէկ դրուագ. այս անգամ մինչեւ նախագահ դառնալը Քարիպեան ծովին մէջ գտնուող եւ օֆշորային պետութիւն համարուող փոքր երկրի` Սենթ Քիթս եւ Նեւիսի քաղաքացի ըլլալու մասին է: Սա հետաքննող լրագրողներու բացայայտումն էր, որ նախկին նախագահը չէ հերքած: Սահմանադրութեան համաձայն, նախագահը վերջին վեց տարուան մէջ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի պէտք է ըլլայ:

«Ծաւալը այնպիսին է գործողութիւնների, որ այս պահին դեռ թոյլ չի տալիս վերջնական եզրայանգում ունենալու: Դա է պատճառը, որ առայսօր դեռեւս քրէական հետապնդման ճշգրիտ յարուցման հետ կապուած դեռ ասելիք չունենք», փոխանցեց Գոռ Աբրահամեանը:

Արդեօ՞ք 9 ամիսը բաւարար չէր պարզելու, թէ ի վերջոյ, Հայաստանը 4 տարի ղեկավարած նախագահը խորհրդարանին կողմէ ընտրուած ժամանակ արդեօ՞ք եղած է նաեւ այլ երկրի քաղաքացի: «Թրանսփարէնսի Ինթերնեշընըլ»ի հայաստանեան գրասենեակի իրաւական հարցերով փորձագէտ Հայկ Մարտիրոսեան այս ժամկէտը լիովին բաւարար կը համարէ. «Գործնականօրէն կարող ենք ենթադրել, որ իրաւապահ համակարգը ինչ-որ բանի է սպասում: Թէ ո՞ւմ ցուցումով` չեմ կարող ասել, բայց ամէն դէպքում սպասում է ինչ-որ հանգամանքների: Փաշինեանն էն անձն է, որը տեսել է այդ փաստաթղթերը, իր պնդմամբ, եւ հաւաստիացել այդ փաստաթղթերի իսկութեան մէջ: Նիկոլ Փաշինեանը, կարծում եմ, այն անձը չի, որ փաստաթուղթ նայելով հաւաստիանայ: Ինքը կը ճշգրտի նաեւ, կամքի առկայութեան պարագայում ինքը կը փորձէր համադրել այլ տեղեկատուութիւնների, այլ աղբիւրների հետ: Ես կարծում եմ, ինքը ամբողջական տեղեկատուութիւն ամէն դէպքում ունի` իրականում համապատասխանո՞ւմ են այդ առաջ քաշուած վարկածները իրականութեանը, թէ չե՞ն համապատասխանում»:

Արմէն Սարգսեանի երկքաղաքացիութեան թեման շրջանառուեցաւ 2018-ին Հանրապետական իշխանութեան կողմէ անոր առաջադրման ժամանակ: Այս հարցը ըստ էութեան փակուած համարուեցաւ, երբ 2018 թուականի Ապրիլ 27-ին այդ ժամանակ դեռ ժողովրդական ցոյցերը առաջնորդող Նիկոլ Փաշինեանը անոր հետ ունեցած հանդիպումէն յետոյ գրառում կատարեց, թէ Սարգսեանը իրեն ներկայացուցած է փաստաթուղթեր այն մասին, որ Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքացիութիւնը կորսնցուցած է է 2011 թուականի Դեկտեմբերին:

Ի դէպ, հետաքննող լրագրողները կը կարծեն, որ Սարգսեանը հրաժարական տուաւ Սենթ Քիթսի եւ Նեւիսի քաղաքացիութեան մասին հետաքննութեան հետեւանքով, ինք` Սարգսեանը սակայն կը պնդէր, որ պատճառը նախագահին սահմանափակ լիազօրութիւններն են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment