Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ոեւէ Մէկը Չի Կրնար Հրաժարիլ Պատերազմին Հանգամանքները Ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողով Գալէ. Անդրանիկ Քոչարեան

Ոեւէ Մէկը Չի Կրնար Հրաժարիլ Պատերազմին Հանգամանքները Ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողով Գալէ. Անդրանիկ Քոչարեան

by MassisPost

2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած Քննիչ Յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան կը վստահեցնէ` նիստերուն հրաւիրուող ոեւէ անձ չի կրնար չներկայանալ:  Քոչարեան այս մասին ըսաւ Քննիչ Յանձնաժողովին կողմէ կազմակերպուած աշխատանքային քննարկման բաց հատուածին մէջ:

Քոչարեան յայտնեց, որ կը մասնակցին անհետ կորսուած համարուողներու, զոհուած զինուորներու ծնողներուն կողմէ պատուիրակուած  անդամներ, անկախ խորհրդատուներու կարգավիճակով կը մասնակցին Արտակ Գասպարեանը, Գարիկ Մխիթարեանը: Ներկայ էր նաեւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօրավար Սամուէլ Պապայեանը` որպէս անկախ խորհրդատու: Փակ նիստերը կը տեսանկարահանուին, որոնք արխիւի պիտի վերածուին, Քոչարեանը վստահեցուց, որ որեւէ դրուագ պիտի չկորսուի: Ըստ անոր` Յանձնաժողովի աշխատանքներուն անձեր կը հրաւիրեն ըստ անհրաժեշտութեան:

Քոչարեանի խօսքով` եթէ կայ անհրաժեշտութիւն, որ ոեւէ մէկը գայ յանձնաժողով, ապա պէտք է գայ: «Ոեւէ մէկը չի կարող հրաժարուել այստեղ գալուց: Շատերը փորձում են քաղաքականացնել այս թեման, ասել, թէ չեն ուզում գալ, յանձնաժողովը օրինական չէ: Ոչ, օրինական է ի սկզբանէ, քանի որ սա սահմանադրական պահանջ է: Աւելին` շատ աւելի օրինական է, որովհետեւ առաջին անգամ մեր յանձնաժողովի աշխատանքներին մասնակցելու են զոհուածների հարազատների պատուիրակած անդամներ», ըսաւ Քոչարեան:

Որոշ պարբերականութեամբ յանձնաժողովին նախագահը անդամներուն թոյլտուութեամբ լրագրողներուն պիտի ներկայացնէ որոշ տեղեկութիւններ: Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ Պետական գաղտնիքի մասին օրէնքը պիտի աշխատի ամբողջ ծաւալով:

«Դժուար է ասել, թէ եզրակացութեանը երբ կը հասնենք, բայց այդ եզրակացութիւնը պէտք է լինի հնարաւորինս անթերի: Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովի աշխատանքի արդիւնքում ունեցանք եզրակացութիւն, բայց հիմնական դժգոհութիւնը, որ եղաւ այն էր, որ եզրակացութիւնը հասարակութեանը անհասանելի եղաւ, բայց պետական կառոյցներին դա եղաւ հասանելի: Եւ կարծում եմ, որ որոշ ժամանակ յետոյ հասանելի կը լինի նաեւ հասարակութեանը», ըսաւ Քոչարեան:

Անդրադառնալով ՀՀ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի նախկին պետ, Պաշտպանութեան Նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան նախկին պետ, զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեանի յայտարարութեան, թէ ինք չի պատրաստուիր երթալու Յանձնաժողովի նիստերուն` Քոչարեան կարծիք յայտնեց, որ  Յակոբեանը ժամանակ կ’ունենայ իր յայտարարութիւնը ետ վերցնելու: «Այդ աշխատանքների բարոյական կարեւորութիւնը շատ մեծ է: Պարոն Յակոբեանը, համոզուած եմ, անպայման կը գայ յանձնաժողով: Հակառակ դէպքում նա պէտք է հանրայնօրէն պատասխանի այն հարցերին, որը պէտք է իրեն տրուէր», ըսաւ Քոչարեան` Յակոբեանին եւ առհասարակ բոլոր պաշտօնեաներին յորդորելով նման յայտարարութիւն չընել:

Ապա աշխատանքային քննարկումը շարունակուած է փակ ձեւաչափով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment