Վերջերս յայտարարուեցաւ թէ, «Արդարութիւն Հայաստանում» նախաձեռնութեան սփիւռքահայ անդամներ` Գանատահայ յայտնի միջազգային բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան, դերասանուհի Արսինէ Խանճեան եւ ուրիշներ, յառաջիկայ Ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ պիտի ժամանեն Երեւան` որպէս դիտորդ հետեւելու գործընթացին, փորձելով իրենց նպաստը բերել` գոնէ այս անգամ աւելի ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կայացումը ապահովելու ուղղութեամբ:
Այս նախաձեռնութիւնը բաւական «պաղ» վերաբերմունքի արժանացաւ իշխող կուսակցութեան շրջանակներուն կողմէ: Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր` Էդուարդ Շարմազանով, այս կապակցութեամբ յայտարարեց. «Մեզ վերահսկիչներ պէտք չեն: Մեզ պէտք են օժանդակողներ, միասնական քայլեր կատարողներ, որպէսզի մենք բոլորս միասին գնանք առաջ»: Նոյնանման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Երկու պետական անձնաւորութիւններու խօսքերու ետին թաքնուած էր որոշ դժգոհութիւն` այս եւ նման նախաձեռնութեանց նկատմամբ: Կարծէք ըսել կ’ուզեն թէ, որպէս սփիւռքահայրեր իրաւունք չունիք Հայաստանի ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու:
Անցեալ ապրիլեան պատերազմը եւ Յունսին` «Սասնայ Ծռերու» գործողութիւնը ու այդ առթիւ ժողովրդի դրսեւորած կեցուածքը, շատ բան եկան փոխելու սփիւռքահայութեան մօտ: Նոյնիսկ անոնք, որոնք հեռու կը մնային, Հայաստանի իշխանութիւններուն հանդէպ բացայայտ կեցուածք որդեգրելէ, այս երկու իրադարձութիւններէն ետք, շատ աւելի քննադատական մօտեցում սկսան ցուցաբերել` անդրադառնալով թէ որպէս հայեր, ուր որ ալ գտնուին, չեն կրնար անտարբեր վերաբերիլ, երբ հայրենիքը վտանգուած է ու երկիրը «առեւանգուած»` խումբ մը մարդոց կողմէ, որոնք բացառապէս անձնական շահերէ մղուած` Հայաստանը կ’առաջնորդեն դէպի անդունդի եզր:
Յայտնի արուեստագէտներու այս նախաձեռնութիւնը գործնական արդիւնքներու կրնայ չհասնիլ` ընտրակեղծիքներու առաջքը առնելու գծով, այսուհանդերձ դրական քայլ մը կը նկատուի, առնուազն Հայաստանի հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը գրաւելու ու ժողովուրդը, աւելի գիտակից մօտեցումով քուէարկութեան մղելու ուղղութեամբ:
«ՄԱՍԻՍ»