Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դրական Քայլ Մը

Վերջերս  յայտարարուեցաւ թէ, «Արդարութիւն Հայաստանում» նախաձեռնութեան սփիւռքահայ անդամներ` Գանատահայ յայտնի միջազգային բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան,  դերասանուհի Արսինէ Խանճեան  եւ ուրիշներ, յառաջիկայ Ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք  խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ պիտի ժամանեն Երեւան` որպէս դիտորդ հետեւելու գործընթացին, փորձելով իրենց նպաստը բերել` գոնէ այս անգամ աւելի ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կայացումը ապահովելու ուղղութեամբ:

Այս նախաձեռնութիւնը բաւական «պաղ» վերաբերմունքի արժանացաւ իշխող կուսակցութեան  շրջանակներուն կողմէ: Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր` Էդուարդ Շարմազանով, այս կապակցութեամբ յայտարարեց. «Մեզ վերահսկիչներ  պէտք չեն: Մեզ պէտք են օժանդակողներ, միասնական քայլեր կատարողներ, որպէսզի մենք բոլորս միասին գնանք առաջ»: Նոյնանման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ սփիւռքի  Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Երկու պետական անձնաւորութիւններու  խօսքերու  ետին  թաքնուած էր որոշ դժգոհութիւն` այս եւ նման նախաձեռնութեանց նկատմամբ: Կարծէք ըսել կ’ուզեն թէ, որպէս սփիւռքահայրեր իրաւունք չունիք Հայաստանի ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու:

Անցեալ  ապրիլեան պատերազմը եւ  Յունսին` «Սասնայ Ծռերու» գործողութիւնը ու այդ առթիւ ժողովրդի դրսեւորած կեցուածքը, շատ բան եկան փոխելու սփիւռքահայութեան  մօտ: Նոյնիսկ անոնք, որոնք հեռու կը մնային, Հայաստանի իշխանութիւններուն հանդէպ բացայայտ կեցուածք որդեգրելէ, այս երկու իրադարձութիւններէն ետք,  շատ աւելի քննադատական մօտեցում սկսան ցուցաբերել` անդրադառնալով թէ որպէս հայեր, ուր որ ալ գտնուին, չեն կրնար անտարբեր վերաբերիլ,  երբ  հայրենիքը վտանգուած է ու երկիրը «առեւանգուած»` խումբ մը մարդոց  կողմէ, որոնք բացառապէս անձնական շահերէ մղուած` Հայաստանը կ’առաջնորդեն դէպի անդունդի եզր:

Յայտնի արուեստագէտներու այս նախաձեռնութիւնը  գործնական արդիւնքներու կրնայ չհասնիլ` ընտրակեղծիքներու առաջքը առնելու գծով,  այսուհանդերձ դրական քայլ մը կը նկատուի,  առնուազն Հայաստանի հանրային  կարծիքի ուշադրութիւնը գրաւելու  ու  ժողովուրդը, աւելի   գիտակից  մօտեցումով  քուէարկութեան  մղելու  ուղղութեամբ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment