Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանը ԵՄ պաշտօնեաներուն հետ Պրիւքսէլի մէջ ստորագրած է Հայաստան-Եւրոպական միութիւն ընդհանուր օդագնացութեան համաձայնագիրը։
«Մօտ ապագայում համաձայնագրի վաւերացումն ու ուժի մէջ մտնելը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծի Հայաստանում օդագնացութեան ոլորտի զարգացման համար՝ դիւրացնելով Հայաստանի քաղաքացիների կապը եւրոպական այլ երկրների հետ», – յայտարարած է Արարատ Միրզոյեանը, հաղորդած է ԱԳՆ-ն։
ԵՄ ընդհանուր օդագնացութեան գօտիէն ներս՝ օդագնացութեան ծառայութիւններու միասնական շուկային միանալը, ըստ նախարարին, կը նպաստէ ԵՄ օդագնացութեան չափանիշներու ընդունման, օդագնացութեան կանոններու կիրառման եւ կը զարգացնէ հետագայ համագործակցութիւնը օդագնացութեան անվտանգութեան ոլորտին մէջ:
Այս ամէնէն կը շահին ազգային օդանաւային ընկերութիւնները եւ անհատ ճամբորդները, հաւաստիացուցած է նախարար Միրզոյեանը: