Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անվտանգութեան Խորհուրդը Քննարկած Է Ատրպէյճանական Զօրքերու՝ Հայաստանի Տարածք Ներխուժման Փաստը

Անվտանգութեան Խորհուրդը Քննարկած Է Ատրպէյճանական Զօրքերու՝ Հայաստանի Տարածք Ներխուժման Փաստը

by MassisPost

Ատրպէյճանական ուժերը ներխուժած են Հայաստանի տարածք՝ արեւելեան տեղամասերէն մէկուն մէջ, այսօր՝ Նոյեմբեր 15-ին յայտարարած է վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին։

Այլ մանրամասնութիւններ վարչապետը չէ յայտնած, չէ յստակացուցած՝ երբ, ուր եւ ինչ հանգամանքներով եղած է առաջխաղացումը։ Միայն նշած է, որ այդ հարցը Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ կը քննարկուի դեռ երէկուընէ։

«Երէկուանից մենք այս կազմով, տարբեր ձեւաչափերով մի քանի անգամ հանդիպումներ եւ քննարկումներ ենք ունեցել: Քննարկումների առարկան եղել է հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան տեղամասերից մէկում ատրպէյճանական զօրքերի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներխուժման փաստը: Այսօր նիստի նպատակը մեր քննարկումներն ամփոփելն է, նաեւ մեր հանրութեանն ամբողջական տեղեկատուութիւն տալը տեղի ունեցած իրադարձութիւնների մասին», – ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետը տեղեկացուցած է պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն Արշակ Կարապետեանին հեռացնելու եւ այդ պաշտօնին Սուրէն Պապիկեանը նշանակելու մասին, ընդգծելով, որ այդ որոշումը կայացուցած է «երէկուանից ծաւալուող իրադարձութիւնների վերլուծութեան արդիւնքում»:

Երկրորդ օրն է, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն հայ-ատրպէյճանական սահմանին շարունակուող բախումներու մասին, որոշ աղբիւրներ պնդած էին, թէ ատրպէյճանական զօրքը առաջխաղացում ունեցած է, պաշտօնական Երեւանը, սակայն, մինչեւ այսօր այս փաստը չէր հաստատած։ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Արշակ Կարապետեանին շնորհակալութիւն յայտնած է պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը կատարած աշխատանքին համար, միեւնոյն ժամանակ ընդգծած, որ «այս պահին իրադրութիւնն ինձ յանգեցրել է որոշման, որ պիտի պաշտպանութեան նախարարի փոփոխութիւն տեղի ունենայ»:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Անվտանգութեան Խորհուրդը լսած է Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետի զեկոյցը ստեղծուած իրադրութեան եւ ընդհանուր առմամբ օփերաթիւ իրավիճակի մասին, որմէ յետոյ, ըստ Փաշինեանին, ԱԽ անդամները պէտք է վերլուծէին իրավիճակը եւ փորձէին «մի քանի ուղղութիւններով որոշում կայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանութեանն ուղղուած մեր գործողութիւնների վերաբերեալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment