Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ստորագրուած է Հայաստան-ԵՄ Ընդհանուր Օդագնացութեան Համաձայնագիրը

Ստորագրուած է Հայաստան-ԵՄ Ընդհանուր Օդագնացութեան Համաձայնագիրը

by MassisPost

Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանը ԵՄ պաշտօնեաներուն հետ Պրիւքսէլի մէջ ստորագրած է Հայաստան-Եւրոպական միութիւն ընդհանուր օդագնացութեան համաձայնագիրը։

«Մօտ ապագայում համաձայնագրի վաւերացումն ու ուժի մէջ մտնելը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծի Հայաստանում օդագնացութեան ոլորտի զարգացման համար՝ դիւրացնելով Հայաստանի քաղաքացիների կապը եւրոպական այլ երկրների հետ», – յայտարարած է Արարատ Միրզոյեանը, հաղորդած է ԱԳՆ-ն։

ԵՄ ընդհանուր օդագնացութեան գօտիէն ներս՝ օդագնացութեան ծառայութիւններու միասնական շուկային միանալը, ըստ նախարարին, կը նպաստէ ԵՄ օդագնացութեան չափանիշներու ընդունման, օդագնացութեան կանոններու կիրառման եւ կը զարգացնէ հետագայ համագործակցութիւնը օդագնացութեան անվտանգութեան ոլորտին մէջ:

Այս ամէնէն կը շահին ազգային օդանաւային ընկերութիւնները եւ անհատ ճամբորդները, հաւաստիացուցած է նախարար Միրզոյեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment