Վենետիկի յանձնաժողովը եւ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը (ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ) հրապարակած են Հայաստանի Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւններու վերաբերեալ կարծիքը:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` անիկա հրապարակուած է յանձնաժողովի պաշտօնական կայքին մէջ:
Վենետիկի յանձնաժողովն ու ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ-ը գոհունակութեամբ նշած են, որ Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւններու վերաբերեալ Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս կատարուած խորհրդակցութիւնները եղած են լայն եւ պահպանուած են անոնց համարժէք ժամկէտները: Միեւնոյն ժամանակ, Յանձնաժողովը խորհուրդ չէ տուած այսպիսի փոփոխութիւններ կատարել այն պարագային, երբ ընտրութիւնները պէտք է կայանան մօտ ժամկէտներով, սակայն նշած է, որ Հայաստանի Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւնները ընտրութիւններու կայացման վրայ էական ազդեցութիւն չեն ունենար:
«Փոփոխութիւններու փաթեթը անհրաժեշտ է լայնօրէն ողջունել, քանի որ ան կը ներառէ Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ-ի կողմէ նախապէս կատարուած առաջարկներու, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեամբ ԺՀՄԻԳ-ի առաքելութեան վերջնական զեկոյցներուն արձանագրուած առաջարկներու մեծ մասը »,- ըսուած է փաստաթուղթով:
Վենետիկի յանձնաժողովն ու ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ-ը նշած են, որ պատրաստ են աջակցիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն` Ընտրական օրէնսգիրքը եւ համապատասխան օրէնսդրութիւնը վերանայելու հարցով: