Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վարչապետի Գնահատմամբ՝ «Ատրպէյճանը Սադրիչ Յայտարարութիւններով Կ’ուզէ Ետ Կանգնիլ Պայմանաւորուածութիւններէն»

Վարչապետի Գնահատմամբ՝ «Ատրպէյճանը Սադրիչ Յայտարարութիւններով Կ’ուզէ Ետ Կանգնիլ Պայմանաւորուածութիւններէն»

by MassisPost

«Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ ո՛չ Զանգեզուր, ո՛չ Սիւնիք, ո՛չ միջանցք արտայայտութիւններ չկան, խօսք է գնում տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների բացման մասին», այսօր՝ Ապրիլ 21-ի Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին յայտարարած է վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի՝ Զանգեզուրի մասին վերջին յայտարարութեան։

Ալիեւ յայտարարած է, թէ պիտի կատարեն «Զանգեզուրի միջանցքի իրականացման խնդիրը»՝ անկախ անկէ, թէ Հայաստան կ’ուզէ այդ, թէ՝ ոչ: Եթէ Հայաստանը ցանկանայ, խնդիրը, ըստ Ալիեւին, կարելի է լուծել հեշտութեամբ, եթէ ոչ՝ իրենք «այն կը լուծեն ուժով»: Ան նաեւ յայտարարած է, թէ «101 տարի անց ատրպէյճանական ժողովուրդը կը վերադառնայ զաւթուած Զանգեզուր»:

Փաշինեան արձագանգած է, թէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը նման սադրիչ յայտարարութիւններով պարզապէս կ’ուզէ վիժեցնել գործընթացը, այսինքն, ըստ էութեան, կ’ուզէ ետ կանգնիլ պայմանաւորուածութիւններէն՝ սրելով իրավիճակը տարածաշրջանէն ներս՝ շարունակելու համար Հայաստանի շրջափակման քաղաքականութիւնը։

«Յունուարի 11-ի մոսկովեան յայտարարութեամբ մենք յստակ արձանագրել ենք եւ մեկնաբանել ենք, թէ ինչ պէտք է տեղի ունենայ․ պէտք է տեղի ունենայ տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիների բացում։ Եթէ Ատրպէյճանը խօսում է Զանգեզուրի միջանցքի մասին, ուրեմն, այդ նոյն տրամաբանութեամբ, Հայաստանը կարող է խօսել Նախիջեւանի միջանցքի մասին, հիւսիս-ատրպէյճանական միջանցքի մասին, որովհետեւ Ատրպէյճանն ըստ այդ պայմանաւորուածութեան եւ գրաւոր հրապարակուած փաստաթղթերի, կարող է ստանալ միայն այնպիսի միջանցք, ինչպէս Հայաստանը կը ստանայ Ատրպէյճանի տարածքով, այդ թւում՝ Նախիջեւանի տարածքով։ Իսկ հաղորդակցութիւնների բացումը լրիւ ուրիշ խնդիր է», – յայտարարած է վարչապետը։

Ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պարբերաբար զիրար հակասող յայտարարութիւններ կ’ընէ՝ Փաշինեան զանոնք սադրիչ որակած է ։

«Մի կողմից Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը յայտարարում է, թէ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ եւ ակնկալիքներ չունի, միւս կողմից յայտարարում է ուժով Զանգեզուրի միջանցք բացելու մասին», – ըսաւ վարչապետը՝ շարունակելով․ – «Դրանք պէտք է արժանանան պատշաճ ուշադրութեան եւ արձագանգի, եւ պատշաճ հակազդեցութեան, այդ թւում՝ միջազգային հարթակներում»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment