Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Ճօ Պայտըն «Կը Պատրաստուի Ապրիլ 24-ին Պաշտօնապէս Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

Նախագահ Ճօ Պայտըն «Կը Պատրաստուի Ապրիլ 24-ին Պաշտօնապէս Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

by MassisPost

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն կը պատրաստուի Ապրիլ 24-ին պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։ Այս մասին այսօր՝ Ապրիլ 22-ին, յայտնած են շարք մը միջազգային առաջատար լրատուամիջոցներ՝ անոնց կարգին ամերիկեան The New York Times-ը, Reuters-ը, բրիտանական The Guardian-ը` վկայակոչելով ներքին քննարկումներուն քաջատեղեակ իրենց աղբիւրները։

The New York Times-ը գրած է, որ Սպիտակ տան ղեկավարը կը պատրաստուի յայտարարել, որ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ տեղի ունեցած կոտորածները ցեղասպանական գործողութիւն եղած են: Պարբերականը նշած է, թէ այդ քայլը կը վկայէ, որ Ամերիկայի յանձնառութիւնը մարդու իրաւունքներուն աւելի կարեւոր է, քան Թուրքիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները վտանգի ենթարկելու հեռանկարը։ Թերթը շեշտած է, որ այդպիսով Պայտըն կը դառնայ ամերիկացի առաջին նախագահը, որ կ’ընէ այդ յայտարարութիւնը, յիշեցնելով նաեւ 1981 թուականին Ռոնալտ Ռիկընի գրաւոր յայտարարութիւնը, ուր Հոլոքոսթի մասին խօսած ատեն հպանցիկ անդրադարձած էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան։

Ամերիկեան CNN-ի հետ զրոյցի ընթացքին քանի մը աղբիւրներ տեղեկացուցած են, որ ամերիկացի պաշտօնեաները իրենց դաշնակիցներուն արդէն յայտնած են, որ նախագահը պիտի ճանչնայ ցեղասպանութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահները, 1915 թուականին Թուրքիոյ մէջ մէկուկէս միլիոն հայերու սպաննութիւններու մասին խօսելու ատեն մշտապէս խուսափած են «ցեղասպանութիւն» եզրոյթէն բաւարարուելով «կոտորած» կամ «Մեծ եղեռն» եզրոյթներով։

«Խորհրդանշական այդ քայլով Սպիտակ տունը կը հրաժարի տասնամեակներ շարունակ զգուշօրէն ընտրուած ձեւակերպումներէն, եւ այս՝ այնպիսի ժամանակամիջոցի մը, երբ Անգարան ու Ուաշինկթոնը արդէն խոր տարաձայնութիւններ ունին շարք մը հարցերու շուրջ», – գրած է Reuters գործակալութիւնը, որ նոյնպէս, յղում ընելով ամերիկեան վարչակազմի իր աղբիւրներուն, կը հաստատէ, թէ նախագահ Պայտըն, ինչպէս եւ խոստացած էր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին, ապրիլքսանչորսեան իր ուղերձով պաշտօնապէս պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։

«Որքանով ինծի յայտնի է` ան որոշում կայացուցած է եւ շաբաթ օրը նախատեսուած իր յայտարարութեան մէջ պիտի կիրառէ «ցեղասպանութիւն» բառը», – անանուն պաշտօնեայի խօսքերը մեջբերած է Reuters։

Սպիտակ տունը հրաժարած է մեկնաբանել այս տեղեկութիւնները, միեւնոյն ժամանակ չհերքելով զանոնք։ Նախագահի խօսնակ՝ Ճէյն Փսաքին երէկ ուշ երեկոյեան լրագրողներէն մէկուն հարցին ի պատասխան միայն յայտնած է, որ վարչակազմը այդ մասին ըսելիք կ’ունենայ յիշատակի օրը՝ Ապրիլ 24-ին:

Մինչ այդ, աւելի քան հարիւր ազդեցիկ քոնկրէսականներ՝ ինչպէս Դեմոկրատական, այնպէս ալ Հանրապետական կուսակցութիւններէն համատեղ նամակով դիմած են Միացեալ Նահանգներու նախագահին՝ կոչ ընելով կատարել խոստումը եւ ըսել ճշմարտութիւնը։

«Պարոն նախագահ, ինչպէս դուք նշած էիք անցեալ տարուայ Ապրիլ 24-ի ձեր յայտարարութեամբ՝ «լռութիւնը յանցակցութիւն է»։ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան խայտառակ լռութիւնը հայերու ցեղասպանութեան պատմական փաստի առնչութեամբ շատ երկար տեւած է, ինչին պէտք է վերջ դրուի»,- ըսուած է 107 քոնկրէսականներու նամակով։

Ցեղասպանութենէն փրկուած հարիւր հազարաւոր հայերու իր հարկի տակ ապաստանած Ամերիկայի 49 նահանգներ՝ բացառութեամբ՝ Միսիսիփիի, պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Անգարայի սպառնալիքները անտեսած եւ 1915 թուականին Թուրքիոյ մէկուկէս միլիոն հայերու կոտորածը ցեղասպանութիւն ճանչցած են նաեւ աշխարհի առնուազն երեք տասնեակ երկիրներ՝ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

2019 թուականին, չնայած Թրամփի վարչակազմի դիմակայութեան ու Թուրքիոյ պարբերական սպառնալիքներուն, ամերիկեան օրէնսդիր մարմնի երկու պալատները ի վերջոյ յատուկ բանաձեւերով, ընդ որում Սենատը՝ միաձայն, հաստատած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ դատապարտած զայն, ինչ որ շատերու գնահատումով շրջադարձային փոփոխութիւն մտցուց ամերիկեան քաղաքական ուղեգիծէն ներս՝ միեւնոյն ժամանակ յարուցելով Անգարայի զայրոյթը: Օրէնքի ուժ չունեցող այդ որոշումը, այդուհանդերձ, շտապած էր ողջունել այն ժամանակ նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտընը՝ խոստանալով ընտրուելու պարագային աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment