Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ Հայաստան վերադարձած է եւս 5 գերի։ Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն «Ազատութիւն»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեցին, որ անոնցմէ 3-ը Խծաբերդի տարածքէն գերեվարուածներէն են։
Նոյն աղբիւրի հաղորդմամբ՝ միւս 2 հայրենադարձուածները գերեվարուած էին պատերազմի օրերուն։
Ընդհանուր առմամբ՝ Ատրպէյճանէն Հայաստան տեղափոխուած է 64 գերի։ Հրադադարի մասին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութենէն յետոյ Խծաբերդի մէջ գերեվարուած 62 զինծառայողներէն մինչեւ այսօր հայրենադարձուած են 8-ը։
Հայկական կողմի տուեալներով ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու թիւը կ’անցնի 200-ը, սակայն ատրպէյճանական կողմը այդ թիւը չի հաստատեր։