Հայաստանի մէջ, անցեալ մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 62-ով, հասնելով 1808-ի, գրանցուած է մահուան եւս մէկ դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը:
Կեդրոնի պաշտօնական կայքին մէջ Ապրիլ 27-ի ժամը 11-ին հրապարակուած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 15-ով եւ հասած 848-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 18 հազար 547:
Մահուան նոր դէպքին վերաբերեալ, Առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը կը յայտնէ, որ հիւանդը եղած է 80 տարեկան եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ:
Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 931 մարդ:
Մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 29-ի: