Հայաստանի տնտեսական գործունէութեան ցուցանիշը այս տարուայ մարտ ամսուն, նախորդ մարտի համեմատ 4.9 տոկոս անկում գրանցած է, նշուած է Վիճակագրական կոմիտէի Ապրիլ 27-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Անկում կրած են բոլոր ուղղութիւնները։ Նկատելի է յատկապէս շինարարութեան ոլորտին մէջ գրանցուած անկումը՝ 26.2 տոկոս, արտածումը կրճատուած է 17.4 տոկոսով, ներմուծումը՝ 15.3 տոկոսով, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը՝ 1.9 տոկոսով, ծառայութիւնները՝ առանց առեւտուրի 4.8 տոկոսով, առեւտուրը՝ 9.9 տոկոսով, էլեկտրուժի արտադրութիւնը՝ 1 տոկոսով։
Վիճակագրական կոմիտէն ներկայացուցած է նաեւ այս տարուայ առաջին եռամսեակի ամփոփ տուեալները, եւ 2020 թուականի Յունուար-Մարտ ամիսներուն տնտեսական գործունէութեան ցուցանիշը աճած է 4 տոկոսով։