Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 62-ով, Բուժուածներունը՝ 15-ով, Մահացած է եւս Մէկ Մարդ

Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 62-ով, Բուժուածներունը՝ 15-ով, Մահացած է եւս Մէկ Մարդ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ,  անցեալ մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 62-ով, հասնելով 1808-ի, գրանցուած է մահուան եւս մէկ դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը:

Կեդրոնի պաշտօնական կայքին մէջ Ապրիլ 27-ի ժամը 11-ին հրապարակուած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 15-ով եւ հասած 848-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 18 հազար 547:

Մահուան նոր դէպքին վերաբերեալ, Առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը կը յայտնէ, որ հիւանդը եղած է 80 տարեկան եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 931 մարդ:

Մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 29-ի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment