2019 թուականի երրորդ եռամսեակին Հայաստանի Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) աւելցած է էական՝ 7,9 տոկոսով, անցած տարուան նոյն ժամանակամիջոցի համեմատ։ Այս մասին ըսուած է Համաշխարհային դրամատան դեկտեմբերեան հաշուետուութեան մէջ։
«ՀՆԱ աճը մնում է ուժեղ»,- ըսուած է Հայաստանի վերաբերեալ հաշուետուութեան մէջ։
Համաշխարհային դրամատան փորձագէտները կը կարծեն, որ այդ աճը զգալի չափով պայմանաւորուած է մասնաւոր սպառմամբ։ Ինչ կը վերաբերի արտադրութեան, աճի մեծ մասը բաժին ինկած է առեւտուրին եւ սպասարկումներուն, իսկ մնացած մասը՝ արդիւնաբերութեան, հիմնական արտադրութեան, օգտակար հանածոներու արդիւնահանման եւ շինարարութեան։
Արդիւնաբերական արտադրութիւնը աւելցած է 9 տոկոսով, այն պարագային, երբ արտադրութիւնը լեռնահանքային ճիւղին մէջ վերականգնուած է 18 տոկոսով, քանի որ հատուածը կը շարունակէ վերականգնուիլ 2018-ին արտադրութեան խափանումներէն ետք։
Նշուած է, որ գնաճը Նոյեմբերին պիտի շարունակէ աճիլ, իսկ սպառողական գիները աւելցած են 1 տոկոսով Նոյեմբերին։ Գնաճի միջին տարեկան մակարդակը անցած տարուան Նոյեմբերէն մինչեւ 2019-ի Նոյեմբեր մնացած է 1,5 տոկոսի մակարդակով։
Միեւնոյն ժամանակ, փոխադրութեան միջոցներու ներմուծման խիստ աճը եւ ոսկիի արտահանման կրճատումը աւելցուցած են առեւտրային պակասորդը։