Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ-ի Յայտարարութիւնը Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Առթիւ

ՍԴՀԿ-ի Յայտարարութիւնը Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Առթիւ

by MassisPost

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը  կ’ողջունէ  Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի պատմական որոշումը` Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի միաձայնութեամբ հաստատման առթիւ եւ Հայ ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծերակուտականներ` Ռապըրթ  Մենենտեզին եւ Դէտ Քրուզին, ինչպէս նաեւ  Ծերակոյտի բոլոր անդամներուն, որոնք մերժելով վարչակազմի ճնշումները, կանգնեցան արդարութեան կողքին:

Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ թրքական ժխտողականութեան մերժումը կարեւոր էր, ոչ միայն Հայութեան համար, այլեւ Միացեալ Նահանգներուն` որ կը դաւանի ըլլալ արդարութեան եւ  մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ջատագով ամէնուրեք:

Ծերակոյտը իր այս որոշումով  եկաւ  միանալու Ներկայացուցիչներու Տան նախապէս առած քայլին, առաւել  պարտաւորեցնելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ այսուհետեւ պաշտօնական յայտարարութիւններուն  մէջ օգտագործէ «Հայկական Ցեղասպանութիւն» եզրը:

Գոնկրէսի որոշումներուն լոյսին տակ, վերատեսութեան պէտք է ենթարկուին նաեւ` Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման բացակայութեան պատճառաբանութեամբ,  Ամերիկեան դատարաններուն կողմէ նախապէս մերժումի արժանացած  դատական այն գործերը, որոնք ներկայացուած էին զոհերու իրաւայաջորդներուն կողմէ:

Անգամ մը եւս կը պահանջենք, որպէսզի  Թրքական պետութիւնը առերեսուի իր պատմութեան սեւ էջերուն հետ, ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ արդար հատուցում կատարէ  Հայութեան:

Այս առթիւ կու գանք արձանագրելու որ, Գոնկրէսէն ներս ձեռք ձգուած վերջին յաջողութիւնները կը պարտինք  Ամերիկահայութեան հետեւողական  ու հաւաքական ջանքերուն:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
Դեկտեմբեր 13, 2019

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment