«ԵՂԵՌՆԻՑ ԴԷՊԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ»
Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացուեցաւ «Եղեռնից դէպի անկախութեան վերականգնում» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը:
Անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած ցուցադրութեան ներառուած են հազուագիւտ պատմական դրօշներ եւ զինանշանային յօրինուածքներ, որոնք պատրաստուած են 18-20-րդ դարերու հայ ազատագրական պայքարի տարիներուն: Բացառիկ նմուշներ են Մեծ Եղեռնէն յետոյ հայ որբերու պատրաստած դրօշներն ու զինանշանները:
Ցուցանմուշներու մեծ մասը, որոնք կը ներկայացնեն հայաստանեան ու սփիւռքեան շարք մը թանգարաններու հաւաքածոները, կը ցուցադրուին առաջին անգամ: Հայկական զինանշաններու ու դրօշներու հազուագիւտ այս պատկերագրութեան նմուշներու կարգին են՝ գորգեր, փորագրանկարներ, պաստառներ, արծաթէ իրեր, նամականիշեր, բացիկներ, գիրքեր ու ալպոմներ, ինչպէս նաեւ՝ «Մայր Հայաստան»-ի կերպարով տարբեր յօրինուածքներ:
«Այս մեր ազգային նկարագիրն է, մեր ազգային ազատագրական պայքարի, իղձերու, յոյզերու եւ ամենակարեւորը՝ պետականութեան սպասումի ամբողջացումն է եւ խտացումը: Այս իրերը իւրօրինակ կրիչներն են պետական խորհրդանշաններու, որ մեր նախապապերը սերունդներ առաջ նկարած են, թաքցուցած են, դրոշմած ու դրուագած են տարբեր կրիչներու վրայ՝ մետաղ, փայտ, թուղթ եւայլն: »,- բացման խօսքին մէջ, նշեց ՀՑԹԻ տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Տեմոյեան:
ՀՑԹԻ տնօրէնը յատկապէս շեշտեց՝ այդ պետականութեան մեծագոյն զոհողութիւնը Մեծ Եղեռնն էր, որովհետեւ զոհուածներու կողքին նոյնպէս ունէր ազատ, անկախ Հայաստան ապրելու իղձը: Պատահական չէ, որ Մեծ Եղեռնի որբերը, այրիները, վերապրածները շարունակաբար կը նկարէին, կը գործէին, կը դրուագէին հայկական դրօշներու եւ զինանշաններու տարաբնոյթ պատկերներ:
ՀՑԹԻ տնօրէնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր գործընկերներուն, որոնց աջակցութեան շնորհիւ կայացաւ համագործակցութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր թանգարաններու միջեւ՝ բացուեցաւ մօտ 200 ցուցանմուշ ունեցող ցուցադրութիւնը:
Ցուցադրութեան գլխաւոր գործընկերը Վիվասել-ՄՏՍ-ն է:
Նախագիծի վաղեմի գործընկերը բարերար՝ Գաբրիէլ Ջեմպերճեանն է, որուն աջակցութեամբ 2012-ին տպագրուած է ցուցադրութեան իւրօրինակ ցուցակը հանդիսացող «Հայկական ազգային խորհրդանշաններ» ուսումնասիրութիւնը: