Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ այցելելով Արցախ հանդիպումներ ունեցած են ԼՂՀ պատասխանատու մարմիններու հետ: Այս ծիրէն ներս պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի այցելած է ԼՂՀ Առողջապահութեան նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցած է նախարար Կարինէ Աթայեանին հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Արցախի ընդհանուր առողջապահական ոլորտը: Տիար Համբիկ Սարաֆեան այս մասին խօսելով Պէյրութի «Արարատ»ին ընդգծած է, որ այսօր հիմնական առաջնահերթութիւն կը հանդիսանայ նեցուկ կանգնիլ եւ օժանդակել Արցախի առողջապահական ոլորտի տարբեր բաժանմունքներուն, որոնց ամէնէն հիմնականը հիւանդանոցներն են: Սարաֆեան նաեւ յայտնեց, որ ՍԴՀԿ-ն Արցախի առողջապահական ոլորտի հիմնական պէտքերը հոգալու նպատակով պատրաստած է յատուկ ծրագիրներ, որոնք պիտի իրագործուին ՀԿԲՄ-ի անմիջական աջակցութեամբ նկատել տալով նաեւ, որ յառաջիկայ հանգրուանին այդ մասին պիտի իրազեկուի մամուլին:
Նշենք, որ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկերոջ եւ մասնակցութեամբ ընկերներ Վազգէն Գալթաքճեանի եւ Խաչիկ Քէշիշեան այցելութիւններ տուած են Ասկերանի եւ Մարտակերտի հիւանդանոցներ մօտէն ծանօթանալու համար այնտեղ տիրող ընդհանուր իրավիճակին: