Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ժողովրդային Շքեղ Փառատօնով Նշուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 25րդ Տարեդարձը

Ժողովրդային Շքեղ Փառատօնով Նշուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 25րդ Տարեդարձը

by MassisPost

Կիրակի, Սեպտեմբեր 18-ին աւելի քան տաս հազար հայեր, Կլէնտէյլի «Վերտիւկօ Փարք» զբօսայգիին մէջ, ներկայ եղան ժողովրդային շքեղ փառատօնի մը, նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 25րդ տարեդարձին:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը 18րդ տարին ըլլալով, կազմակերպած էր սոյն փառատօնը, ստեղծելով մեծ ոգեւորութիւն ժողովրդային լայն շրջանակներու մէջ: Արդարեւ Հայրենիքէն հազարաւոր մղոններով հեռու, բայց հայրենաբաղձ  սիրտով այստեղ ապաստան գտած մեր հասարակութեան համար իսկական տօնախմբում մըն էր,  բառին բովանդակ իմաստով:

Ամենուրեք ակներեւ էր տօնական մթնոլորտ: Ընդարձակ զբօսայգիին մէջ համատարած էր երգն ու նուագը: Բազմահազար այցելուներու համար ստեղծուած էին ամէն տեսակի յարմարութիւններ: Տասնեակներով տաղաւարներու մէջ վաճառքի հանուած էին այլազան իրեղէններ, հայկական յուշանուէրներ, Հայաստանեան արտադրութիւններ, ուտելիքներ եւայլն:  Ստեղծուած էին նաեւ մանկական ժամանցի բաժիններ: Ուշագրաւ էին հայկական համադամ ճաշերու տաղաւարները:

Կէսօրէ ետք գործադրուեցաւ օրուան տօնին պատշաճ յայտագիր մը, զոր ձեռնհասօրէն վարեց քաղաքիս ծանօթ արուեստագիտուհի` Նունէ Աւետիսեան: Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանի աշակերտներու կատարմամբ երգուեցաւ ԱՄՆի եւ Հայաստանի քայլերգերը: Այնուհետեւ փառատօնի կազմակերպիչ մարմնի անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետ` Յարութ Տէր Դաւիթեան: Ան իր ելոյթին մէջ առանձնապէս շեշտեց` «Իշխանութիւնները կու գան ու կ’երթան, բայց հայրենիքն ու իր պետականութիւնն է ամենէն գերիվերը եւ պէտք է փարինք անոր: Մեր նպատակն է քիչ մը աւելի ազգասիրութիւն մտցնել մեր ժողովուրդին մէջ: Մենք պիտի բարգաւաճինք ու յարատեւենք: Պարծանք հայ ժողովուրդին»:

fest-1Յաջորդաբար ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Գալիֆորնիոյ նահանգային Խորհրդարանի նախկին անդամ` Անթոնի Փորթանթինօ, Կլէնտէյլի քաղաքի Քարտուղար Արտաշէս Քասախեան, Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամներ` Վարդան Կարապետեան եւ Արա Նաճարեան, Քաղաքապետուհի Փաուլա Տիւայն,  Լոս Անճելոսի Կրթական Խորհուրդի անդամ Սքաթ Սվօքին, Կլէնտէյլի Կրթական Խորհուրդի անդամներ : Արմինէ Ղարպէտեան եւ Նայիրի Նահապետեան:  Իսկ ԱՄՆի Գոնկրէսի անդամ` Ատամ Շիֆի ներկայացուցիչ` Մարի Յովակիմեան կարդաց Ատամ Շիֆի կողմէ հայ ժողովուրդին ուղղուած գնահատանքի եւ շնորհաւորական ուղերձ մը: Լոս Անճելոս գաւառի վերակացութիւններու Խորհուրդի նախագահ` Մայք Անթոնովիչի ներկայացուցիչ Ռիթա Հաճի Մանուկեան հայութեան մեծ տօնին առիթով Մ. Անթոնովիչի բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկայ հասարակութեան եւ այս առիթով պաշտօնական հռչակագիրներ փոխանցեց Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ու Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն:

Նմանապէս իրենց ողջոյնի եւ շնորհաւորական ելոյթներով հանդէս եկան Իրանահայ Միութեան ատենապետ` Թոմիկ Ալքսանեան եւ A.A.B.C. հայկական հեռուստաժամի տնօրէն` Վրէժ Աղախանեան:

Խանդավառ մթնոլորտն իր գագաթնակէտին հասաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագրի գործադրութեամբ: Յաջորդաբար ելոյթներով հանդէս եկան Սահակ Մեսրոպ վարժարանի երգչախումբը, ջութակահար Մերուժան Մարգարեանը, տուտուկահար Ռուբէն Յարութիւնեանը, երաժիշտ Աշոտ Սարգիսեանը “Keyboard”, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Նարեկ» պարախումբերը եւ «Լիլի» պարի համոյթը: Ուշագրաւ ելոյթներ ունեցան նաեւ մեներգիչներ Յարութ Յակոբեան, Ալֆրէտ Գալստեան, Արթուր “Mister X” , Էլլա Թարունց, Վարդան Թայմազեան, Արման Ղազարեան, Արա Շահպազեան, Սուրիկ Մահտէսեան, Առնօ Մկրտչեան եւ Աշոտ Սարգիսեան:

Տօնական բարձր տրամադրութեան տակ պարեր հրապարակ խուժեցին նաեւ ներկայ հասարակութենէն շատեր, ստեղծելով իսկական փառատօնի միջավայր, կամ գիւղական մեծ հարսանիքի երեւոյթ…:

Աւարտին փառատօնի կազմակերպիչները, Հայաստանի անկախութեան 25 ամեակին նուիրուած յիշատակի արձանիկներ նուիրեցին սոյն միջոցառումին մասնակից արուեստագէտներուն, առ ի գնահատանք իրենց օգտաշատ ներդրումին ու ծառայութեան:

Երեկոյեան ներկաները զբօսայգիէն հեռացան բարձր տրամադրութեամբ եւ հայրենական գեղեցիկ ու յիշատակելի օրուան մը լաւագոյն տպաւորութիւններով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment