Կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է պահուստային ֆոնտէն Արդարադատութեան նախարարութեան 720 միլիոն դրամ յատկացնել 2008 թուականի Մարտ 1-ի արիւնալի իրադարձութիւններէն տուժած անձանց աջակցութիւն տրամադրելու համար:
Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը ըսած է, որ գումարի չափը հաշուարկած են Յատուկ քննչական ծառայութեան տրամադրած տեղեկութիւններու հիման վրայ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, թէ եւս մէկ անգամ կը ցանկայ շեշտել՝ սա ոչ թէ փոխհատուցում է զոհուածներու հարազատներուն եւ տուժածներուն, այլ՝ աջակցութիւն:
Յիշեցնենք՝ մարտիմէկեան իրադարձութիւններու ընթացքին զոհուած քաղաքացիի իրաւայաջորդին պետութիւնը 30 միլիոն դրամ պիտի տրամադրէ, առողջութեան ծանր վնաս հասցուած անձին՝ 15 միլիոն, առողջութեան միջին ծանրութեան վնաս հասցուած անձին ալ՝ 5 միլիոն դրամ։