ՀՀ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայր, խարդախութեան համար մեղադրուող Ալեքսանտր Սարգսեանը պետութեան ոչ թէ 18.5 միլիոն տոլար նուիրած է, այլ 19.6։ Այս մասին «Սփութնիք»ին յայտնած են ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն։ Աւելին` պարզուած է` Սաշիկ Սարգսեանը այդ գումարը Արցախի բանակին ուղղած է։
«Քրէական գործով մեղադրեալ Ալեքսանտր Սարգսեանն իր կամքով 9 506 000 000 ՀՀ դրամին համարժէք 19 600 000 ԱՄՆ տոլար է նուիրաբերել Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին»,- Sputnik-ի հարցմանն ի պատասխան յայտնած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) մամուլի կեդրոնի պետ Սամսոն Գալստեանը։
Ան հաստատած է նաեւ մամուլի մէջ տարածուած մէկ այլ տեղեկութիւն, ըստ որու՝ ՀՀ մաքսային պետական կոմիտէի նախկին նախագահ Արմէն Աւետիսեանը քրէական գործի նախաքննութեան շրջագիծէն ներս դիմած է համապատասխան մարմիններուն` Ծաղկաձորի մէջ գտնուող իրեն պատկանող «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցը պետութեան նուիրելու համար։