Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սաշիկ Սարգսեանը 20 Միլիոն Տոլար Նուիրած է Արցախի Բանակին. Սփութնիք Արմենիա

Սաշիկ Սարգսեանը 20 Միլիոն Տոլար Նուիրած է Արցախի Բանակին. Սփութնիք Արմենիա

by MassisPost

ՀՀ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայր, խարդախութեան համար մեղադրուող Ալեքսանտր Սարգսեանը պետութեան ոչ թէ 18.5 միլիոն տոլար նուիրած է, այլ 19.6։ Այս մասին  «Սփութնիք»ին յայտնած են ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն։ Աւելին` պարզուած է` Սաշիկ Սարգսեանը այդ գումարը Արցախի բանակին ուղղած է։

«Քրէական գործով մեղադրեալ Ալեքսանտր Սարգսեանն իր կամքով 9 506 000 000 ՀՀ դրամին համարժէք 19 600 000 ԱՄՆ տոլար է նուիրաբերել Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին»,- Sputnik-ի հարցմանն ի պատասխան յայտնած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) մամուլի կեդրոնի պետ Սամսոն Գալստեանը։

Ան հաստատած է նաեւ մամուլի մէջ տարածուած մէկ այլ տեղեկութիւն, ըստ որու՝ ՀՀ մաքսային պետական կոմիտէի նախկին նախագահ Արմէն Աւետիսեանը քրէական գործի նախաքննութեան շրջագիծէն ներս դիմած է համապատասխան մարմիններուն` Ծաղկաձորի մէջ գտնուող իրեն պատկանող «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցը պետութեան նուիրելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment