Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահ Արարատ Միրզոյանի Այցը Մոսկուայ

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահ Արարատ Միրզոյանի Այցը Մոսկուայ

by MassisPost

Կը շարունակուի Հայաստանի Ազգային ժողովի խօսնակ Արարատ Միրզոյեանի աշխատանքային այցը Մոսկուա: Ան հանդիպած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ՝ Ռուսաստանի մայրաքաղաքի հայկական եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս:

Երկուշաբթի օր Արարատ Միրզոյեանը հանդիպած է Ռուսաստանի Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոյի հետ: Հանդիպման ժամանակ երկու կողմերն ալ խօսած են հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին:

Ռուսաստանի խորհրդարանի վերին պալատի խօսնակը գոհունակութիւն յայտնած է այն կապակցութեամբ, որ Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանի ղեկավարը իր առաջին այցը կը կատարէ Ռուսաստան:

«Ուրախալի է, որ Դուք Ձեր առաջին արտաքին քաղաքական այցը կը կատարէք Ռուսաստան: Սա կը խօսի մեր երկիրներու յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթին մասին», – յայտարարած է Մաթվիէնքօն:

27 Փետրուարին Ազգային ժողովի խօսնակը ելոյթ պիտի ունենայ Դաշնութեան խորհուրդի լիագումար նիստին, եւ սա, Մաթվիէնքոյի խօսքով, առաջին անգամն է, երբ Հայաստանի խորհրդարանի ղեկավարին նման հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի:

Ռուսաստանի Դաշնութեան խորհուրդի ղեկավարը անդրադարձած է նաեւ հայաստանեան յեղափոխութեանª ընդգծելով, որ անցած տարուան ապրիլին տեղի ունեցած զարգացումները հայ ժողովուրդի ընտրութիւնն է, եւ Ռուսաստանի համար կարեւոր էր, որ այդ իրադարձութիւնները անցած են Հայաստանի օրէնքներուն համապատասխան եւ ունեցած են խաղաղ բնոյթ:

Արարատ Միրզոյեանը Վալենթինա Մաթվիէնքոյին հրաւիրած է Հայաստան:

ԱԺ խօսնակը ընդգծած է՝ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս ներկայացուած երեք խմբակցութիւններն ալ կը համարեն, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը պէտք է շարունակական ըլլայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment