Հայաստանի կառավարութիւնը վճռական պայքար կը մղէ կաշառակերութեան դէմ, այն պիտի կրէ շարունակական բնոյթ՝ երկրի յետագայ զարգացման արագընթացը աւելցնելու նպատակով: Այս մասին երէկ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ կառավարութեան մէջ ընդունելով՝ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ԱՊՀ կաշառակերութեան հակազդման միջպետական խորհուրդի նիստին մասնակից պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն։
Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին, վարչապետը կարեւորած է Հայաստանի եւ ԱՊՀ երկիրներու դատախազութիւններու միջեւ համագործակցութեան զարգացումը:
Գործադիրի ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ պիտի ընդլայնուի համագործակցութիւնը ԱՊՀ երկիրներու դատախազութիւններու միջեւ, ինչն, ըստ Փաշինեանի, պիտի նպաստէ կաշառակերութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան բարձրացման, օրինականութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ամրապնդման:
Հանդիպման մասնակիցներն անդրադարձած են համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն, ԱՊՀ կաշառակերութեան հակազդման միջպետական խորհուրդի ներուժն առաւել նպատակային օգտագործելու հնարաւորութիւններուն եւ ուղղութիւններուն: