Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ աւարտած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի (ՍԾՏՀ ԽՎ) 51-րդ նստաշրջանի աշխատանքը, որուն մասնակցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ազգային Ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ նստաշրջանի աւարտին կառոյցի նախագահութիւնը Ալպանիայէն փոխանցուած է Հայաստանին, խորհրդանշական մուրճը յանձնուած է պատուիրակութեան ղեկավարին:
Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են ՍԾՏՀ ԽՎ-ի մօտ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Գագիկ Մինասեանը, Գէորգ Գորգիսեանը եւ Վահէ Էնֆիաճեանը:
Նշենք, որ ՍԾՏՀ-ին կ’անդամակցին Հայաստանը, Ալպանիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Պուլկարիան, Յունաստանը, Մոլտովան, Ռումանիան, Ռուսաստանը, Սերպիան, Թուրքիան եւ Ուքրանիան: