Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Ստանձնեց Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նախագահութիւնը

Հայաստանը Ստանձնեց Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նախագահութիւնը

by MassisPost

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ աւարտած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի (ՍԾՏՀ ԽՎ) 51-րդ նստաշրջանի աշխատանքը, որուն մասնակցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ազգային Ժողովի  լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ նստաշրջանի աւարտին կառոյցի նախագահութիւնը Ալպանիայէն փոխանցուած է Հայաստանին, խորհրդանշական մուրճը յանձնուած է պատուիրակութեան ղեկավարին:

Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են ՍԾՏՀ ԽՎ-ի մօտ ՀՀ Ազգային Ժողովի  պատուիրակութեան ղեկավար Գագիկ Մինասեանը, Գէորգ Գորգիսեանը եւ Վահէ Էնֆիաճեանը:

Նշենք, որ ՍԾՏՀ-ին կ’անդամակցին Հայաստանը, Ալպանիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Պուլկարիան, Յունաստանը, Մոլտովան, Ռումանիան, Ռուսաստանը, Սերպիան, Թուրքիան եւ Ուքրանիան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment