Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարեւոր է, որ Կուսակցութիւնները ԸՕ–ի Ընդունումէն Ետք Բաւարար Ժամանակ Ունենան. Ճիանի Պուքիքիօ

Կարեւոր է, որ Կուսակցութիւնները ԸՕ–ի Ընդունումէն Ետք Բաւարար Ժամանակ Ունենան. Ճիանի Պուքիքիօ

by MassisPost

Եւրոպայի խորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցով» (Վենետիկի) յանձնաժողովի հրաւէրով աշխատանքային այցով Վենետիկ կը գտնուի ՀՀ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանը:

Երէկ նախարար Զէյնալեանը հանդիպած է Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոյին: Հանդիպման ընթացքին նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է՝ կառավարութեան հետ Վենետիկի յանձնաժողովի արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:

Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահը նշած է, որ մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու խաղաղ բնոյթը:

Այնուհետեւ, նախարար Զէյնալեանը ելոյթ ունեցած է Վենետիկի յանձնաժողովի 115-րդ լիագումար նստաշրջանի ընթացքին: Իր ելոյթի ժամանակ ան նշած է, որ Հայաստանի Կառավարութեան առաջնային առաքելութիւնն է ժողովուրդի՝ իշխանութիւնը ձեւաւորելու իր անքակտելի սահմանադրական իրաւունքը կեանքի կոչել՝ ապահովելով անհրաժեշտ իրաւական մեխանիզմները եւ անոր նպաստող հնարաւոր բոլոր այլ պայմանները:

Նախարարը աւելցուցած է, որ իր այս առաքելութեան իրականացման նպատակով Կառավարութիւնը մտադիր է նախաձեռնել ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներ՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները Սահմանադրութեան պահանջներուն համապատասխան  իրականացնելու նպատակով: Կառավարութեան ծրագիրը հաստատուած է՝ մէկ տարուան ընթացքին արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու անհրաժեշտութեան ամրագրմամբ:

Արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանի եւ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեանի ելոյթներէն ետք ԵԽ Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիօն նշած է, որ կարեւոր է՝ ընտրութիւնները կազմակերպուին Վենետիկի յանձնաժողովի սկզբունքներուն համապատասխան` թափանցիկ եւ ներառական ձեւով, քննարկելով շահագրգիռ կողմերու բոլոր առաջարկութիւնները՝ համաձայնութեան հասնելու համար եւ որպէսզի կուսակցութիւնները Ընտրական օրէնսգիրքի ընդունումէն ետք բաւարար ժամանակ ունենան ընտրութիւններուն մասնակցելու համար:

Միւս կողմէ՝ «Միր» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է այն հարցին, թէ ինչու որոշած են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններն իրականացնել մէկ տարուան ընթացքին:

Վարչապետը ընդգծած է, որ այդ քայլին գացած են միւս քաղաքական ուժերուն ժամանակ տալու համար:

«Մեր գլխաւոր նպատակն է եղել հաւասար պայմաններ ստեղծել բոլոր քաղաքական ուժերի համար, քանի որ քաղաքական ուժերի մեծ մասը ընդհանրապէս չէին սպասում, որ նման բան տեղի կ’ունենայ Հայաստանում: Մենք, իհարկէ, ցանկանում ենք յաղթել ընտրութիւններում, եւ մենք կ’աշխատենք այդ ուղղութեամբ, պարզապէս մենք ցանկանում ենք նաեւ ժամանակ տալ միւս կուսակցութիւններին, որպէսզի նրանք հնարաւորութիւն ունենան պատրաստուել ընտրութիւններին»,- ըսած է Փաշինեանը:

Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ անդրադարձած է կաշառակերութեան խնդիրին, նշելով, որ կաշառակերութիւնը այն գլխաւոր դժբախտութիւններէն  ու խնդիրներէն մէկն է, որ թոյլ չէ տուած Հայաստանին զարգանալ այնպէս, ինչպէս հնարաւոր էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment