Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Պապայեան Վճռաբեկ դատարանի հրապարակած որոշմամբ ազատ արձակուեցաւ կալանքէ՝ Ազգային ժողովի «Ելք» եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւններու խումբ մը պատգամաւորներու երաշխաւորութեան դիմաց:
Վճռաբեկ դատարանը փոխեց նաեւ գործով անցնող եւ անազատութեան մէջ գտնուող միւս երկու ամբաստանեալներու խափանման միջոց կալանքը՝ պատգամաւորներու անձնական երաշխաւորութեամբ եւ գրաւով:
Վճռաբեկը բեկանեց Վերաքննիչ դատարանի որոշումը Պապայեանի եւ միւսներու գործով ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի վճիռը անփոփոխ թողնելու մասին՝ գործը ուղարկելով նոր քննութեան: