Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձներ Ստացած Է ԱՄՆ-էն, Ռուսաստանէն Եւ Այլ Երկիրներէ

Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձներ Ստացած Է ԱՄՆ-էն, Ռուսաստանէն Եւ Այլ Երկիրներէ

by MassisPost

Հայաստանի անկախութեան 35-րդ տարեդարձին առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ ստացած է շարք մը երկիրներու ղեկավարներէ, այդ շարքին՝ Ռուսաստաէն, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյէն:

ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն շնորհաւորանքին մէջ նշած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ վերջին մէկ տարուայ յառաջընթացը եւ յայտնած, որ Ուաշինկթըն կ’ակնկալէ յառաջ մղել TRIPP նախաձեռնութիւնը, ամրապնդել տնտեսական կապերը եւ խրախուսել ամերիկեան ներդրումները Հայաստանի մէջ։

«Միացեալ Նահանգներու անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը Անկախութեան օրուան առթիւ», – ըսուած է Ռուպիոյի ուղերձին մէջ։

Վլատիմիր Փութին Փաշինեանը շնորհաւորած է Հայաստանի ազգային տօնին առթիւ՝ անոր մաղթելով առողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ «բարեկամ հայ ժողովուրդին»՝ բարեկեցութիւն եւ բարգաւաճում։

Շնորհաւորական ուղերձներ յղած են նաեւ Ղազախիստանի, Տաճիկիստանի, Թուրքմենիստանի, Թայլանտի, Պանկլատեշի ղեկավարները եւ այլ պաշտօնեաներ։

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն եւս շնորհաւորած է Անկախութեան օրուայ առթիւ՝ իր ուղերձը հասցէագրելով միայն Հայաստանի ժողովուրդին։ Երեւանի ու Մինսքի յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն լարուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment