Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ հայկական նորաձեւութեան եւ հագուստի արտադրութեան ոլորտին մէջ գործող ընկերութիւններուն՝ միջազգային շուկաներուն մէջ ներկայութիւնը ընդլայնելու, արտահանման հնարաւորութիւնները զարգացնելու եւ նոր գործարար կապեր ստեղծելու նպատակով։
Վեց հայկական ընկերութիւններ Օգոստոս 31-էն Սեպտեմբեր 2 Ֆրանսայի մէջ մասնակցած են «Texworld Paris» միջազգային ցուցահանդէսին։
Հայկական ընկերութիւնները ցուցահանդէսին ներկայացուցած են իրենց արտադրանքը, արտադրական ներուժն ու մասնագիտական կարողութիւնները՝ ստեղծելով նոր գործարար կապերու եւ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններ։
Հայկական ընկերութիւններուն մասնակցութիւնը իրականացուած է է Միջազգային Առեւտուրի Կեդրոնին (ITC) հետ համագործակցութեամբ։
«ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութիւնը կարեւորում է հայկական արտադրողների միջազգային ցուցահանդէսներին մասնակցութիւնը՝ որպէս արտահանման շուկաների ընդլայնման, միջազգային գործընկերների հետ կապերի հաստատման եւ հայկական արտադրանքի մրցունակութեան բարձրացման կարեւոր գործիք»,- նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

