Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան ղեկավար կազմը եւ արտերկրի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները Օգոստոս 30-ին այցելած են հայ-թրքական սահմանի «Մարգարա» անցակէտ։
Այցը տեղի ունեցած է ՀՀ դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավարներու տարեկան աշխատաժողովի շրջանակին մէջ, որ այս տարի տեղի ունեցած է Կիւմրիի մէջ։ Պատուիրակութիւնը գլխաւորած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը։
«Մարգարա»-ի մէջ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախագահ Էտուարտ Յակոբեան դիւանագէտներուն ներկայացուցած է սահմանային անցակէտի վերանորոգման եւ վերազինման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները։ Յակոբեան նշած է, որ անցակէտը պատրաստ է շահագործման։
Հայաստանն ու Թուրքիան տարիներ շարունակ կը բանակցին յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ ցամաքային սահմանի բացման շուրջ։ «Մարգարա»-ի անցակէտը հայկական կողմէ նախատեսուած է որպէս այդ սահմանի հիմնական անցակէտերէն մէկը։
Մէկ օր առաջ՝ Օգոստոս 29-ին, Կիւմրիի մէջ շարունակուած էր ԱԳՆ կեդրոնական բաժնի ղեկավար կազմի եւ արտերկրի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու տարեկան աշխատաժողովը։
Քննարկուած են Հայաստանի յարաբերութիւնները հարեւաններուն հետ, գործընկերութիւններու խորացումը եւ արտաքին կապերու բազմազանեցումը, ինչպէս նաեւ տնտեսական բաղադրիչի ընդլայնումը։
Միրզոյեան յայտնած է, որ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան նոր հնարաւորութիւններու պայմաններուն մէջ Հայաստանը «պատմական հնարաւորութիւն» ունի, իսկ դիւանագիտական ծառայութիւնը պէտք է նպաստէ այդ հնարաւորութիւններու իրացման։
Ան նաեւ ըսած է, որ նախորդ տարուայ դեսպանաժողովի ժամանակ հիմնական շեշտը կը դրուէր խաղաղութեան շարունակական ամրապնդման վրայ, մինչդեռ այժմ, կառավարութեան գնահատմամբ, «խաղաղութիւնը արդէն իրողութիւն է»։
Աշխատաժողովին ընթացքին քննարկուած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումները եւ բազմակողմ հարթակներու վրաայ Հայաստանի նոր առաջնահերթութիւնները։

