Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ:
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ ընդգծած են Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու զարգացման փաստը եւ կարեւորած՝ փոխգործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու ուղղութեամբ համատեղ քայլերու իրականացումը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Նարենտրա Մոտի շեշտած են, որ Հայաստան-Հնդկաստան բարեկամութիւնը միշտ ամուր եղած է եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու ջանքերը՝ զայն աւելի խորացնելու նպատակով:
Զրուցակիցները քննարկած են տնտեսութեան, արհեստագիտութիւններու, առողջապահութեան ու դեղագործութեան, կրթութեան, ենթակառուցուածքներու, ներդրումներու եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր:
Ընդգծուած է, որ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու հետագայ կազմակերպումը պիտի օժանդակէ գործընկերութեան խորացման ու համատեղ նոր ծրագրերու իրականացման:
Վարչապետ Փաշինեան վերահաստատած է Հնդկաստանի վարչապետին յարմար ժամանակահատուածին Հայաստան այցելելու հրաւէրը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած նոյնպէս պատեհ առիթով այցելել Հնդկաստան։
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան այլ հարցերու շուրջ: Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուած է TRIPP նախագիծի իրականացման ընթացքին:


