Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Յանցագործութեան Մասին Հաղորդում Ներկայացուց Իր Հետ Աշխատած Նախկին Պաշտօնեայի Դէմ

Փաշինեան Յանցագործութեան Մասին Հաղորդում Ներկայացուց Իր Հետ Աշխատած Նախկին Պաշտօնեայի Դէմ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակայնօրէն յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուց Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակի նախկին ղեկավար Լիպարիտ Դրմէեանի դէմ, որ պաշտօնէ ազատած էր 2025-ի Օգոստոսին։ Յուլիս 30-ին կառավարութեան նիստէն յետոյ ճեպազրոյցի ժամանակ վարչապետը Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովին եւ իրաւապահ մարմիններուն կոչ ըրաւ ստուգելու նախկին պաշտօնեային հաշիւներն ու ունեցուածքը։

«Ոեւէ մէկի անմեղութեան կանխավարկածը չեմ ուզում խախտել, բայց ես կարծում եմ, որ Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովը, իրաւապահ մարմիններն էլ պէտք է քննարկեն»,- ըսած է Փաշինեան։

Անդրադառնալով «Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր»-ու (ՀԷՑ) նախկին սեփականատէրերուն հետ կապուած իրաւարար վէճին՝ Փաշինեան նշեց, որ պետական համակարգէն ներս գործած է «Թրոյական ձի» (խմբ․ նկատի ունենալով Լիպարիտ Դրմէեանը): Ըստ վարչապետին՝ Դրմէեան տեղեկատուութիւն արտահոսած է լրատուական ու քաղաքական դաշտ եւ կազմած է կառավարութեան դիրքորոշման ու վարչապետի յանձնարարականներուն հակասող գրութիւններ։

«Ո՞նց կարող է պարզուել, որ այս շէնքում մասնաւոր ընկերութեան շահերը սպասարկող մարդ է եղել», – յայտնեց Փաշինեան։

Վարչապետի յայտարարութենէն յետոյ Գլխաւոր դատախազութենէն յայտնեցին, որ ընթացք տուած են վարչապետի բանաւոր հաղորդման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment