Հարկ վճարողներու կողմէ 2026թ. Յունիս ամսուայ համար ներկայացուած եկամտային հարկի եւ ընկերային վճարի հաշուարկներու տուեալներով` Հայաստանի մէջ եկամուտ ստացող աշխատատեղերու թիւը կազմած է 829.748։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն։
Կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ հարկ վճարողներու կողմէ 2026թ. Յունիս ամսուայ համար ներկայացուած եկամտային հարկի եւ ընկերային վճարի հաշուարկներու տուեալներով` եկամուտ ստացող աշխատատեղերու թիւը կազմած է 829.748, ինչ որ գերազանցած է նախորդ տարուայ նոյն ամսուայ ցուցանիշը` 33.275-ով կամ 4.2%-ով:
Աշխատատեղերու վերաբերեալ վիճակագրութիւն ներկայացուցած է նաեւ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան։
Նախարարը նշած է, որ 2017 թուականի Յունիսին Հայաստանի մէջ եղած է գրանցուած 527 հազար 770 աշխատատեղ, 2026 թուականի Յունիսին այդ թիւը հասած է 829 հազար 748-ի՝ աւելնալով 301 հազար 978-ով։

