Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարան Յանձնուած Է ԱԺ Ընտրութիւններու Ընթացքին «Միասնութեան Թեւեր»-ու Օգտին Քուէարկելու Պայմանով Ընտրակաշառք Տալու Վերաբերեալ Քրէական Վարոյթի Նիւթը

Դատարան Յանձնուած Է ԱԺ Ընտրութիւններու Ընթացքին «Միասնութեան Թեւեր»-ու Օգտին Քուէարկելու Պայմանով Ընտրակաշառք Տալու Վերաբերեալ Քրէական Վարոյթի Նիւթը

by MassisPost

Դատախազը 2026 թուականի Յուլիս 22-ին, հաստատուած մեղադրական եզրակացութեամբ, Հակափտածութեան դատարան յանձնած է «Միասնությեան Թեւեր» կուսակցութեան օգտին քուէարկելու պայմանով ընտրակաշառք տալու եւ ընտրակաշառք ստանալու վերաբերեալ քրէական վարոյթի նիւթերը:

Դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Հակափտածութեան Կոմիտէին մէջ քննուած քրէական վարոյթով պարզուած է՝ Սիւնիքի մարզի Կապան համայնքի Արծուանիկ բնակավայրի վարչական ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցուցած Ա.Հ.-ն 2026 թուականի Յունիս 7-ին նշանակուած Ազգային Ժողովի հերթական ընտրութեան մասնակցելու եւ «Միասնութեան Թեւեր» կուսակցութեան օգտին քուէարկելու պայմանով, Ալ.Հ.-ին խոստացած է ընդգրկել ընկերութեան կողմէ Արծուանիկ բնակավայրի բնակիչներու որոշակի խումբին ամսական տրամադրուող 40 հազար դրամ օգնութեան ցուցակին վրայ:

Դատախազը հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է Արծուանիկ բնակավայրի վարչական ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցուցած Ա.Հ.-ի եւ Ալ.Հ.-ի նկատմամբ՝ ընտրակաշառք տալու եւ ընտրակաշառք ստանալու համար։

2026 թուականի Յուլիս 22-ին քրէական վարոյթի նիւթերը՝ հաստատուած մեղադրական եզրակացութեամբ, յանձնուած են Հակափտածութեան դատարան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment