Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յունիս 17-25-ին Հայաստանի Մէջ Պիտի Կայանայ «Արծիւ Գործընկեր-2026» Զօրավարժութիւնը

Յունիս 17-25-ին Հայաստանի Մէջ Պիտի Կայանայ «Արծիւ Գործընկեր-2026» Զօրավարժութիւնը

by MassisPost

Միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ մասնակցութեան նախապատրաստման շրջանակին մէջ, Յունիս 17-25-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պիտի կայանայ արդէն ամէնամեայ դարձած «Արծիւ գործընկեր-2026» զօրավարժությունը։

Զօրավարժութեան պիտի մասնակցին ՀՀ Զինուած Ուժերու խաղաղապահ զօրագունդի (250 մասնակից), Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու եւ Քանզասի ազգային պահակագունդի (58 մասնակից), Ֆրանսայի (24 մասնակից), Յունաստանի (11 մասնակից) զինուած ուժերու զինուորները:

Զօրավարժութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենան խաղաղապահ առաջադրանքներու նախապատրաստման եւ իրականացման վարժանքներ:

«Արծիւ գործընկեր-2026» զօրավարժությեան նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւններու շրջանակին մէջ, իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձի փոխանակում, ինչպէս նաեւ ամրապնդել ՀՀ ԶՈՒ խաղաղապահ ստորաբաժանման պատրաստուածութիւնը:

Խաղաղապահ առաքելութիւններու նախապատրաստութեան շրջանակին մէջ միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններու համար նախապատրաստուող ստորաբաժանումները պարբերաբար կը մասնակցին նմանօրինակ համատեղ զօրավարժութիւններու եւ վարժանքներու գործընկեր երկիրներու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment