Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի Նկատմամբ Սպանութիւն Ծրագրած Անձերէն Մէկուն Նկատմամբ Հետախուզում Կը Յայտարարուի. Անձը Ռուսաստան Կը Գտնուի

Փաշինեանի Նկատմամբ Սպանութիւն Ծրագրած Անձերէն Մէկուն Նկատմամբ Հետախուզում Կը Յայտարարուի. Անձը Ռուսաստան Կը Գտնուի

by MassisPost

Դատախազը 2026 թուականի Մայիս 30-ին հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է սպանութիւն իրականացնելու իրական վտանգ պարունակող սպառնալիքով տեսանիւթի դիմակաւորուած հինգ անձերէն մէկուն՝ Մ. Մ.-ի (խմբ. Մհեր Միրզոյեան) նկատմամբ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 43-155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին եւ 8-րդ կէտով (խումբ անձերու կողմէ սպանութեան նախապատրաստում) եւ 211-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ եւ 5-րդ կէտերով (անձի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքով, խումբ մը անձերու հետ նախընտրական քարոզչութիւն կատարելուն խոչընդոտելը):

Յիշեցնենք, որ 2026 թուականի Մայիս 16-ին՝ ժամը 19:30-ի սահմաններուն, դիմակաւորուած հինգ անձեր «որսացած» են ընդհանուր օգտագործման համար չնախատեսուած համացանցային «live.1tv.am» կայքի ուղիղ եթերի ժամանակ հաղորդուող տուեալը (տեսանիւթը) եւ տարածած էին սպանութիւն իրականացնելու իրական վտանգ պարունակող սպառնալիքի տեսանիւթ։

2026 թուականի Մայիս 17-ին Քննչական Կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնին մէջ նախաձեռնուած էր քրէական վարոյթ:

2026 թուականի Յունիս 1-ին դատարան միջնորդութիւն ներկայացուած է մեղադրեալ Մ. Մ.-ի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ:

Հաշուի առնելով, որ Մ. Մ.-ն 2024 թուականէն կը բացակայի Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ ըստ նախնական տուեալներու՝ կը գտնուի Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ, համապատասխան փաստաթուղթերը ուղարկուած են ՀՀ Ներքին գործերու նախարարութեան ոստիկանութիւն՝ Մ. Մ.-ի նկատմամբ հետախուզում յայտարարելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment