Հայաստանը այսօր Եւրոմիութեան մօտ է, քան երբեւէ նախապէս, յայտնած է Եւրոյանձնաժողովի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարքուս Լամերլը՝ անդրադառնալով ԵՄ-ին անդամակցելու պաշտօնական յայտ ներկայացնելու Երեւանի մտադրութեան։
Լամերթ Պրիւքսէլի մէջ կայացած ճեպազրոյցին մեկնաբանած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանը, հաւանաբար, մօտ ժամանակներս սկսի ԵՄ-ին անդամակցութեան պաշտօնական յայտ ներկայացնելու գործընթացը։
Փաշինեանը նախօրէին Ազգային ժողովին մէջ յայտնած էր, որ Հայաստանը «մօտ ժամանակներուն» կրնայ անցնիլ ԵՄ-ին պաշտօնական յայտ ներկայացնելուն, սակայն յստակ ժամկէտ չէր նշած։
Եւրոյանձնաժողովի ներկայացուցիչը Հայաստանի եւ ԵՄ-ի մերձեցման առումով յիշատակած է Մայիսին կայացած ԵՄ-Հայաստան առաջին գագաթաժողովը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը Դիմակայունութեան եւ աճի ծրագրի եւ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի շրջանակին մէջ։
Լամերթի խօսքով՝ Հայաստանը նաեւ «առաջին քայլը կատարած է դէպի ԵՄ»՝ ընդունելով եւրոպական համարկման գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնքը։ Ան այդ անուանած է «կարեւոր խորհրդանշական ազդակ»։
Միեւնոյն ժամանակ Եւրոյանձնաժողովը նշած է, որ ԵՄ-ին անդամակցութիւնը կ’իրականացուի «յստակ սահմանուած, արժանիքներու վրայ հիմնուած գործընթացով»։ Այդ գործընթացը կը սկսի երկրին կողմէ անդամակցութեան պաշտօնական յայտի ներկայացմամբ։
Լամերթի խօսքով՝ Պրիւքսէլը արդէն կ’աշխատի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հետագայ խորացման ուղղութեամբ, այդ շարքին՝ փոխադրութեան կապերու, առեւտուրի եւ համագործակցութեան այլ ոլորտներու մէջ։

