Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Կառավարութիւնը Մօտ 17 Միլիոն Դրամ Պիտի Յատկացնէ Կազայէն Երեխաներու Բուժման Համար

Հայաստանի Կառավարութիւնը Մօտ 17 Միլիոն Դրամ Պիտի Յատկացնէ Կազայէն Երեխաներու Բուժման Համար

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը 16,7 միլիոն դրամ պիտի յատկացնէ Կազայի հատուածէն ծանր առողջական խնդիրներ ունեցող երեք երեխայի Հայաստան տեղափոխման եւ բուժման ծախսերը հոգալու համար: Համապատասխան որոշումը ընդունուած է կառավարութեան՝ Օգոստոս 20-ի նիստին։

Նախագիծին կ’ըսուի, որ Հայաստանի մէջ բուժում ստանալու համաձայնութիւն տուած երեք երեխաները եւ անոնց ուղեկցող անձեր, ընդհանուր թիւով վեց հոգի, Հայաստան պիտի տեղափոխուին Յորդանանի տարածքով։ Տարհանումը կը նախատեսուի իրականացնել ցամաքային ճանապարհով Իսրայէլի եւ Յորդանանի սահմանի «Ալենպի» անցակէտէն մինչեւ Ամմանի միջազգային օդակայան, այնուհետեւ օդային ճանապարհով՝ Ամման-Երեւան կանոնաւոր թռիչքով։ Գործընթացը պատշաճ կազմակերպելու համար կը նախատեսուի «Ալենպի» անցակէտ գործուղել երկհոգանոց բժշկական առաքելութիւն։

Յատկացուող գումարէն 12,5 միլիոն դրամը պիտի ուղղուի երեխաներու բժկական օգնութեան կազմակերպման Երեւանի մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններուն մէջ։ Մասնաւորապէս, առաջնային հիփերօքսալուրիա ախտորոշմամբ եւ լեարդի ու երիկամի փոխպատուաստում անցած առաջին բուժառուի հետազօտութիւններն ու հսկողութիւնը պիտի իրականացուին «Արաբկիր» բժշկական համալիրին մէջ, իսկ սրտի բնածին արատներ ունեցող միւս երկու բուժառուներու վիրահատական եւ միջամտական գործողութիւնները՝ «Նորք-մարաշ» բժշկական կեդրոնին մէջ։

Մնացած միջոցները պիտի բաշխուին ճանապարհածախսի, ուղեւորատոմսերու, գիշերակացի եւ գործուղման ծախսերու փոխհատուցման համար։ Ֆինանսական փոխանցումները պիտի կատարուին փաստացի կատարուած ծախսերու հիման վրայ, եւ չօգտագործուած գումարները ենթակայ են վերադարձման պետական պիւտճքէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment