Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Կրնայ Լքել ՀԱՊԿ-ը․ Փեսքով

Հայաստանը Կրնայ Լքել ՀԱՊԿ-ը․ Փեսքով

by MassisPost

Հայաստանը կրնայ դուրս գալ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ), եթէ այլեւս չի փափաքիր ըլլալ կազմակերպութեան անդամ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Եթէ Երեւանը իր ազգային շահերէն ելլելով՝ այլեւս կարիք չունի անդամակցելու տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման այսքան կարեւոր կազմակերպութեան, ապա ան ազատ է ընդունելու համապատասխան որոշում եւ դուրս գալու այս կազմակերպութենէն»,– ըսած է Փեսքով։

Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, անդրադառնալով
Հայաստանի՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացին, խորհուրդ տուած է
հաշուի առնել Թուրքիոյ փորձը։

«Ինչ կը վերաբերի ԵՄ-ին անդամակցելու դիմումին, ես այստեղ ամբողջ
ընթացքին խորհուրդ կու տամ այնուամենայնիւ յիշել Թուրքիոյ փորձը,
շարք մը այլ երկիրներու փորձը, որոնց դիմում ներկայացնելու պահէն արդէն անցած
են տասնեակ տարիներ, տասնեակ տարիներ, իսկ սայլը դեռ տեղն է»,–
ըսած է Փեսքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment