Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լաչինի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Ելեկտրուժի Ներմուծման Եւ Արտահանման Հնարաւորութիւնները

Լաչինի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Ելեկտրուժի Ներմուծման Եւ Արտահանման Հնարաւորութիւնները

by MassisPost

2026 թուականի Օգոստոս 25-ին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Լաչին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան եւ հայկական «Էլեկտրաէներգետիկական համակարգի օպերատոր» ընկերութեան, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Ուժանիւթի նախարարութեան եւ ատրպէյճանական «Ազերէներջի» ընկերութեան ներկայացուցիչներու աշխատանքային հանդիպումը։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրուժի ներմուծման եւ արտահանման հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններու ուժանիւթային ենթակառուցուածքները պետական սահմանին փոխկապակցելու հնարաւոր տարբերակները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment