ՀՀ կառավարութիւնը ընդունած է գերակայ ոլորտին մէջ իրականացուող ներդրումային ծրագրի շրջանակներուն մէջ ներմուծման մաքսատուրքէն ազատելու թոյլտուութիւն տրամադրելու վերաբերեալ որոշումներ։
«Ֆայրպըրտ Էյայ» ընկերութեան ներկայացուցած ներդրումային ծրագրի հիմնական նպատակն է Հայաստանի մէջ հիմնել տարածաշրջանի ամենահզօր սուպերհամակարգչային եւ տուեալներու մշակման կեդրոն (Data Center), որ մասնագիտացուած պիտի ըլլայ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) լուծումներու եւ բարձր արտադրողականութեամբ հաշուարկներու (HPC) ոլորտին մէջ:
Գործունէութեան հիմնական տեսակն է՝ տուեալներու մշակում, սերվերային տիրոյթի տրամադրում եւ ամպային ենթակառուցուածքներու սպասարկում:
Ծրագիրը պիտի իրականացուի Կոտայքի մարզին մէջ՝ իրականացնելով ընդհանուր շուրջ 170 միլիառ դրամի ներդրում, որմէ 5,7 միլիառ դրամը՝ շինարարական աշխատանքներու իրականացման, 139,8 միլիառ դրամը՝ հիմնական միջոցներու ձեռքբերման, 24,5 միլիառ դրամը՝ հումքի ձեռքբերման համար։ Ներդրումային ծրագրի շրջանակներուն մէջ մինչեւ 2030 թուականը կը նախատեսուի ստեղծել 40 նոր աշխատատեղ՝ 400 հազար դրամ միջին ամսական աշխատավարձով։
Արտօնութիւն ստանալու համար ներկայացուած ապրանքներուն արժէքը կը կազմէ 26,9 միլիառ դրամ:
Մաքսատուրքէն ազատման արտօնութիւնը կը գնահատուի 2,6 միլիառ դրամ։

