ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի յատկացումներու յանձնաժողովը ընդունած է Ազգային անվտանգութեան, Պետական բաժանմունքներու եւ յարակից ծրագրերու յատկացումներու օրինագիծ 2027 թուականի ֆինանսական տարուայ համար: Օրինագիծը կը նախատեսէ ընդլայնուած աջակցութիւն Հարաւային Կովկասի երկիրներուն, այդ շարքին նաեւ Հայաստանի համար։
Փաստաթուղթին մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի. «Յանձնաժողովը միջոցներ կը յատկացնէ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն՝ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական շահերը յառաջ մղելու համար՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան, համարկման եւ փոխկապակցուածութեան ընդլայնման ջանքերու միջոցով, ինչպէս նաեւ երկկողմ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւններուն աշխոյժ աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով։ Այս գումարի շրջանակին մէջ Յանձնաժողովը նախորդ տարուայ համեմատ կ’աւելցնէ Հայաստանի համար նախատեսուած աջակցութիւնը՝ Միջազգային ռազմական կրթութեան եւ վերապատրաստման (IMET) եւ Արտաքին ռազմական ֆինանսաւորման (FMF) ծրագրերով»։
«Յանձնաժողովը վճռականօրէն կ’աջակցի Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն՝ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն յառաջ մղելու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երկիրներուն անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումն ամրապնդելու ուղղութեամբ»,- կ’ըսուի փաստաթուղթին մէջ՝ անդրադարձ կատարելով «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծի իրականացման։
Մասնաւորապէս, կը նշուի, որ պետական քարտուղարը օրէնքի ընդունումէն յետոյ 90 օրուայ ընթացքին պէտք է Գոնկրէսին ներկայացնէ մանրամասն զեկոյց՝ ԹՐԻՓՓ-ի շրջանակին մէջ միջոցներու բաշխման եւ ձեռնարկուած գործողութիւններու վերաբերեալ:
Կը նշուի, որ այդ հաշուետուութիւնը պէտք է նշէ իրականացնող գործընկերներուն, այդ շարքին՝ ներդրումային ֆինանսաւորում տրամադրողներուն, եւ նկարագրէ համապատասխան դաշնային այլ գործակալութիւններու՝ Զարգացման միջազգային ֆինանսական ընկերակցութեան (DFC) եւ Առեւտուրի ու զարգացման գործակալութեան դերը՝ աջակցելու ԹՐԻՓՓ-ի կառուցման, զարգացման եւ անոր յաջող շահագործման ապահովման։

