«Լրագրողներ առանց սահմաններու» (RSF) կազմակերպութեան 2026-ի համաշխարհային ցուցակին վրայ Հայաստանը զբաղեցուցած է 50-րդ հորիզոնականը՝ արձանագրելով զգալի անկում նախորդ տարուայ 34-րդ տեղի համեմատ։
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ չնայած երկիրը կը շարունակէ մնալ տարածաշրջանի առաջատարներու շարքին, այս նահանջը պայմանաւորուած է լրատուական դաշտի խոր բեւեռացմամբ, ապատեղեկատուութեան աննախադէպ ծաւալներով եւ սահմանային անվտանգութեան խնդիրներով սնուող ատելութեան խօսքով։ Հայաստանի 67,02 միաւորը կ’արտացոլէ այն բարդ մարտահրաւէրները, որոնց առջեւ կանգնած է տեղական մամուլը՝ ներքաղաքական լարուածութեան եւ աշխարհաքաղաքական երկընտրանքներու պայմաններուն մէջ։
Միջազգային մակարդակով մամուլի ազատութիւնը հասած է վերջին 25 տարուայ իր ամենացած կէտին, քանի որ առաջին անգամ աշխարհի երկիրներուն աւելի քան կէսը դասուած է լրագրութեան համար «դժուար» կամ «չափազանց ծանր» պայմաններ ունեցողներու շարքին։ Տեղեկատուութեան իրաւունքի այս համատարած քայքայումը կը դիտուի նաեւ կայացած ժողովրդավարութիւններուն մէջ, ինչպիսին են Միացեալ Նահանգները, որ եօթը հորիզոնականով նահանջելով՝ յայտնուած է 64-րդ տեղը։ Յատկապէս մտահոգիչ է իրաւական ցուցանիշի կտրուկ անկումը պետութիւններու 60 տոկոսով, ինչ որ կը վկայէ լրագրութեան համաշխարհային քրէականացման եւ ազգային անվտանգութեան օրէնքներու չարաշահման մասին։
Տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները եւ ռազմական հակամարտութիւնները, մասնաւորապէս Պաղեստինի, Սուտանի եւ Ուքրանիոյ մէջ, կը շարունակեն աղէտալի ազդեցութիւն ունենալ լրագրողներու անվտանգութեան վրայ։ Մինչդեռ Նորվեկիան տասներորդ տարին անընդմէջ կը պահպանէ առաջատարի դիրքը, իսկ Սուրիան արձանագրած է ցուցակի պատմութեան ամենամեծ թռիչքը՝ բարձրանալով 36 հորիզոնականով, համաշխարհային պատկերը կը մնէ մռայլ․ այսօր աշխարհի բնակչութեան մէկ տոկոսէն ալ քիչը կ’ապրի այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր մամուլի ազատութիւնը կը գնահատուի որպէս «լաւ»։ Լրատուամիջոցներու դէմ ուղղուած թշնամական քաղաքական հռետորաբանութիւնը եւ չարաշահող դատական հայցերը վերածուած են համակարգուած գործիքակազմի, որ կը խեղդէ անկախ լրագրութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ։

