Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանի Խանութներուն Մէջ Արգիլուած Է «Ջերմուկ»-ի Վաճառքը

Ռուսաստանի Խանութներուն Մէջ Արգիլուած Է «Ջերմուկ»-ի Վաճառքը

by MassisPost

Ռուսաստանի պետական պիտակաւորման համակարգը կասեցուցած է Հայաստանէն ներկրուող «Ջերմուկ» հանքային ջուրի խմբաքանակի վաճառքը, նաեւ առցանց խանութներուն մէջ։

Ինչպէս յայտնած է Առաջադէմ արհեստագիտութիւններու զարգացման կեդրոնի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ (պիտակաւորման աշխատակից) Ռեւազ Իւսուփովը, շրջանառութեան մէջ եղած է 338 հազար շիշ, որոնք այժմ արգելափակուած են մինչեւ ստուգման աւարտը։

Կասեցման պատճառը «Ռոսպոտրեբնադզօր»-ի նամակն է, որուն մէջ գործակալութիւնը նշել է, որ «Ռուսաստանի քաղաքացիներու կեանքին եւ առողջութեան հնարաւոր վնասը կանխելու համար անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու» անհրաժեշտութիւն կայ։ Արգելափակման պատճառը, ըստ աղբիւրին, «պարտադիր պահանջներու խախտումն» է։

Արգելքը կը վերաբերի 2026 թուականի Փետրուար 17-ին եւ 2026 թուականի Մարտ 5-ին արտադրուած ապրանքներուն։ Ինչպէս նշած է Իւսուփով, անոնք սպառողներուն պիտի չհասնին մինչեւ ստուգման աւարտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment