Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յառաջիկային Պիտի Շարունակուի Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանի Սահմանազատումը․ Փաշինեան

Յառաջիկային Պիտի Շարունակուի Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանի Սահմանազատումը․ Փաշինեան

by MassisPost

Յառաջիկային պիտի շարունակենք եւ տրամաբանական ժամկէտերու մէջ աւարտին պիտի հասցնենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանի սահմանազատումը: Այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Ապրիլ 27-ին Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու կազմաւորման օրուայ առթիւ կազմակերպուած միջոցառման ժամանակ։

Փաշինեան արձանագրած է, որ շուրջ երկու տարի է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի 12 քիլոմեթրնոց հատուածը սահմանազատուած է (Տաւուշի մարզ), այնտեղ ծառայութիւն կ’իրականացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանապահ զօրքերը:

«Այդ 12 քիլոմեթրը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանի թերեւս միակ հատուածն է որտեղ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերի ներկայացուցիչները ծառայութիւն են իրականացնում առանց սաղաւարտների, առանց զրահաբաճկոնների, եւ ինքնաձիգների պահունակները ոչ թէ ինքնաձիգների վրայ, այլ՝ պայուսակների մէջ դրած»,- ըսած է վարչապետը:

Փաշինեանի խօսքով՝ իրենց նպատակն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի բոլոր հատուածները ըլլան սահմանապահ զօրքերու պատասխանատուութեան ներքոյ: Վարչապետին ընկալմամբ՝ սահմանապահ զօրքերը խաղաղութեան խորհրդանիշ են, որովհետեւ այնտեղ ուր սահմանին կանգնած են սահմանապահներ մեծ հաւանականութեամբ, կամ դէպքերու մեծամասնութեամբ, այդ սահմանին կը տիրէ խաղաղութիւն:

«Երբ ասում ենք, որ սահմանը կը սահմանազատուի, կը սահմանագծուի՝ մեր ցանկութիւնն է, որ մեր բանակի ծառայողները հնարաւորութիւն ունենան իրենց ծառայութիւնն իրականացնել մշտական տեղակայման վայրերում: Մենք այս նրբութիւնը նոյնպէս չենք նկատում, բայց տասնեակ տարիներով մեր բանակն իր ծառայութեան մեծ մասը անց է կացնում խրամատներում»,- ըսած է վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment